Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Այս ժամանակներու լռութիւնը մեզի մտիկ ընել սորվեցնէ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Թող որ լռութիւնը, որ նորութիւն մը մեր սովորութիւններուն մէջ, մեզի սորվեցնէ ունկնդրել, մեզ թող աճեցնէ մեր մտիկ ընելու կարողութեան մէջ։ Աղօթենք ասոր համար»

Երեքշաբթի 21 ապրիլ 2020ին Ֆրանչիսկոս Պապը, համաճարակի այս օրերուն շարունակելով  Տոմուս Սանթա Մարթայի Մատուռէն ուղիղ եթերով սփռուած ամենօրեայ սուրբ պատարագները, հրաւիրեց աղօթել որպէսզի այս լռութեան ժամանակը ըլլայ առիթ սորվելու մտիկ ընել։

Ունկդնրէ լուրը։

«Այս ժամանակներու  ընթացքին շատ լռութիւն կայ։ Կարելի է նաեւ ունկնդրել լռութիւնը։ Թող որ այս լռութիւնը, որ նորութիւն մը մեր սովորութիւններուն մէջ, մեզի սորվեցնէ ունկնդրել, մեզ թող աճեցնէ մեր մտիկ ընելու կարողութեան մէջ։ Աղօթենք ասոր համար» ըսաւ Քահանայապետը Սուրբ Զոհին սկիզբը։

Քարոզ

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Գործ Առաքելոց գիրքէն.

«եւ հաւատացեալներուն բազմութիւն մը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էին։ Անոնցմէ մէկը չէր ըսեր իր ստացուածքներուն մէկուն համար՝ թէ իրն է, իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին։ Անոնց մէջ կարիքաւոր մը չկար։ (Գործ Առաք 4, 32-37) 

Ֆրանչիկոս Պապ անդրադարձաւ աւետարանի յիշեալ հատուածին մատնանշելով Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը՝ կարող  այդ բոլոր հրաշալիքները կատարելու։ 

Ան նշեց, թէ Քրիստոնէական առաջին հասարակութիւնը տիպար մըն է, նշան մըն է Սուրբ Հոգիին կարողութիւններուն, երբ հլու եւ հնազանդ կը գտնուինք Անոր։  Սուրբ Հոգին համերաշխութիւն կը ստեղծէ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ հասարակութիւններուն  մէջ ստեղծուած բաժանումներուն պատճառներուն, թուելով երեք պատճառներ. առաջինը դրամը։ Ան նկատել տուաւ, որ աղքատները միշտ խտրականութեան ենթարկուած են։ Դրամը բաժանումներ կը ստեղծէ ՝հասարակութիւններուն եւ եկեղեցւոյ մէջ։ Շատ անգամ քրիստոնէական վարդապետութեան շեղումին ներքեւ առկայ է  դրամը։

Մինչ այդ աղքատութիւնը, հասարակութեան մայրն է։  Քանի ընտանիքներ կը բաժնուին ժառանգութեան պատճառաւ։ 

Բաժանումի երկրորդ պատճառը, ըսաւ սրբազան Հայրը սնապարծութիւնը, մեր անձը ուրիշներէ աւելի բարձր դասելն է։

Երրորդը պատճառը, որ հասարակութիւններու ն բաժանումի պատճառ կը դառնայ,  շատախօսութիւնն է ։ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ սատանան է ,որ մեր մէջ կը դնէ ուրիշներուն դէմ բամբասելու կարիքը՝ 

Այս բոլոր փորձութիւններէն ազատուելու համար Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց դիմել Սուրբ Հոգիին եւ Տիրոջմէ հայցել  Սուրբ Հոգիին հնազանդ եւ  հլու գտնուելու շնորհքը։  Թող Տէրը  մեզ եւ մեր հասարակութիւնները փոխակերպէ, որպէս մեր հասարակութիւններու եւ ընտանքիներուն մէջ  համերաշխութիւն տիրէ։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2020, 07:44
Կարդալ բոլորը >