Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Աստուած դարձի բերէ մաֆիայի մարդիկն ու վաշխառուները, որոնք կը շահագործեն համաճարակի ընթացքին կարիքի մէջ գտնուողները։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց աղօթել չարաշահումներ գործողներու դարձին համար, որոնց շարքին դասեց մաֆիայի մարդիկն ու վաշխառուները։.

Չորեքշաբթի 8 ատիլ 2020ի առաւօտեան 7-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց առօրեայի Սուրբ Պատարագը, որուն սկիզբը հրաւիրեց աղօթել անոնց համար՝ որոնք այս համաճարակի ընթացքին կը շահագործեն կարիքի մէջ գտնուող մարդիկը, ու հայցեց որ Տէրը դարձի բերէ անոնց սրտերը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր աղօթենք այն մարդոց համար, որ այս համաճարակի ժամանակ առուտուր կ՛ընեն կարիքաւորներուն հետ. եւ օգտագործելով ուրիշներուն կարիքները, զանոնք կը վաճառեն։ Մաֆիայի մարդիկը, վաշխառուները ու այլ մարդիկ։ Թող որ Տէրը դպչի անոնց սրտին ու դարձի բերէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Քարոզ

Մինչ՝ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Մատթէոսի Աւետարանէն, ուր կը խօսուի, Յուդան Յիսուսը կը մատնէ (Մատթ 26,14-25) , ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ ըսաւ.

«Այսօր՝ աւագ չորեքշաբթի  է, աւագ չորեքշաբթին կոչուած է նաեւ մատնութեան, դաւաճանութեան չորեքշաբթի, այն օրը ուր եկեղեցւոյ մէջ կ՝ընդգծուի Յուդայի դաւաճանութիւնը, Յուդան Յիսուսը կը վաճառէ։

Երբ՝ մենք կը մտածենք մարդավաճառութեան մասին մեր միտքը կ՝երթայ Ափրիկէի մէջ ստրուկներու վաճառականութեան՝ Ամերիկա փոխադրելու համար,  ինչ որ հին եղելութիւն է , կայ նաեւ այլ վաճառականութիւն օրինակի համար Եազիտի երիտասարդուհիները վաճառուած Տահեշին։ Այսօր նաեւ շատ վաճառուած մարդիկ կան ։ Ամէն  օր Յուդաներ կան, որոնք կը վաճառեն եղբայրներն ու քոյրերը,  շահագործելով  զանոնք աշխատավայրերուն մէջ եւ չնչին աշխատավարձով։

Այսօր մարդավաճառութիւնը նման է հին օրերուն։ Ինչո՞ւ համար։ Որովհետեւ Յիսուս ըսած է, չէ կարելի ծառայել Աստուծոյ եւ դրամին՝ երկու տէրերուն։  Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ընտրէ, կամ Աստուծոյ ծառայել կամ ալ դրամին։ Այս է ընտրանքը, սակայն շատեր կ՝ուզեն, թէ Աստուծոյ ծառայել  եւ թէ դրամին։ Սա կարելի չէ։ Ի վերջոյ, ոմանք ձեւակերպութեամբ Աստուծոյ կը ծառայեն՝ դրամին ծառայելու համար։ Անոնք թաքնուած շահագործողներ են, որոնք ընկերային գետնի վրայ կատարեալներ են, սակայն սեղանին տակը վաճառականութիւն կ՝ընեն՝ նաեւ մարդոց հետ։

Մարդը շահագործելը համազօր է մերձաւորը վաճառելուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսելով Յուդային մասին ըսաւ Աւետարանը մեզի հասկանալ կուտայ, որ Յուդան դրամասէր էր։ Դրամին հանդէպ սէրը զայն մղեց գողութիւն կատարելու եւ դաւաճանելու ։ Ան որ շատ դրամասէր է,  կը դաւաճանէ ՝միշտ աւելի ունենալու համար։ Սա իրականութիւն է ։ 

Սատանան, որ Յուդային մէջ մտաւ, զայն առաջնորդեց մատնելու։ Սատանան վատ վճառող է։ Ան վստահելի վճարող չէ։ Սատանան ամէն ինչ կը խոստանայ եւ  ցոյց կու տայ,  ապա քեզ մինակ կը թողու՝ քու անձկութիւններուդ եւ յուսախաբութեանդ մէջ։  Յուդան դպիրներուն քով կը վերադառնայ՝ անհանգիստ սիրտով՝ տանջուած ագահութենէն եւ տանջուած Յիսուսի հանդէպ սէրէն ։ Դպիրները կը պատասխանեն - մենք ին՞չ յանցանք ունինք- Սա աատանային խօսքն է, սատանան է որ այսպէս կը խօսի՝ մեզ յուսահատութեան մէջ ձգելով։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով,  որ իւրաքանչիւր անձ,  շահի եւ հաւատարմութեան միջեւ ընտրանք կատարելու պահուն մտածէ իր մէջ գտնուող փոքրիկ յուդայի մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2020, 07:23
Կարդալ բոլորը >