Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց անօթեւաններուն համար. «Այս ցաւի ժամանակաշրջանին թաքնուած տառապողներ»։

Հայցենք Կարլկաթայի Մայր Թերեզայէն որ մեր մէջ արթնցնէ մօտիկութեան զգացումը հանդէպ բազմաթիւ մարդոց, որոնք ընկերութեան մէջ ու սովորական կեանքին մէջ կ՛ապրին թաքնուած ու անօթեւաններու նման, տագնապի ժամանակ, կը յայտնուին այսպէս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 2 ապրիլ 2020ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պաղատագին սկիզբը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու անօթեւան  մարդոց համար։

Ունկնդրէ Լուրը

«Այս տառապանքի եւ տխրութեան օրերը ի յայտ կը դնեն թաքնուած հարցեր։ Այսօրուայ օրաթերթին մէջ կայ պատկեր մը, որ սրտին կը դպչի. Քաղաքի մը բազմաթիւ անօթեւանները  պառկած ինքնաշարժներու կայանի մը մէջ…..բազմաթիւ անօթեւաններ կան այսօր։ Հայցենք Կարլկաթայի Մայր Թերեզայէն որ մեր մէջ արթնցնէ մօտիկութեան զգացումը հանդէպ բազմաթիւ մարդոց, որոնք ընկերութեան մէջ ու սովորական կեանքին մէջ կ՛ապրին թաքնուած ու անօթեւաններու նման, տագնապի ժամանակ, կը յայտնուին այսպէս։ 

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները  Ծննդոց Գիրգ (17- 3-9) եւ Յովհաննէսի Աւետարան(Գլ 8, 51- 59) որոնք կեդրոնացած էին Աբրահամի տիպարին վրայ. Աստուածոյ հետ դաշինքի եւ Յիսուսի բերած նոր աւետիսի վրայ, ան որ աշխարհ եկաւ «վերափոխելու» ստեղծագործութիւնը՝  թողութիւն շնոորհելով մեր մեղքերուն։ 

Քարոզը

Տէրը միշտ կը յիշէ իր դաշինքը։ Տէրը երբեք չի մոռնար։ Ան կը մոռնայ միայն՝ մեր մեղքերը ներելու պարագային։ Աստուած մեր մեղքերէ ներելէ ետք՝մոռնալով մեր մեղքերը իր յիշողութիւնը կը կորսնցնէ։

Աստուծոյ հաւատարմութիւնը յիշողութիւն է։ Անոր հաւատարմութիւնը՝ Աբրահամին հետ կատարած խոստումներուն յիշողութիւնն է։ Աստուած Աբրահամը ընտրեց՝ ճամբայ մը հարթելու համար։ Աստուած  ընտրեց Աբրահամը։ Այդ ընտրութեան մէջ կայ ժառանգութիւն մը՝  բերրիութեան ժառանգութիւն՝ «Հայր պիտի ըլլաս բազմաթիւ ազգերու։»

Ընտրութիւն, խոստում եւ դաշինք ՝հաւատքի եւ քրիստոնէական  կեանքի երեք ծաւալները։

Իւրաքանչիւրը մեզմէ  ընտրեալ մըն է , ոչ մէկը կը որոշէ քրիստոնեայ ըլլալ։ Մենք քրիստոնեաներ ենք,  որովհետեւ ընտրեալներ ենք։ Այս ընտրութեան ներքեւ կայ խոստում մը՝ յոյսի խոստումը , որուն նշանը  բերրիութիւնն է։ «Աբրահամ, հայր պիտի ըլլաս  բազմաթիւ ազգերուն եւ հաւատքի մէջ բերրի պիտի դառնաս։ Քու հաւատքդ պիտի ծաղկի բազմաթիւ եւ  բարի գործերու մէջ։ Դուն պիտի յարգես նաեւ իմ հետ կնքած դաշինքը։  հաւատարմութեան դաշինքը։  Բոլորս ընտրեալները ենք, Տէրը մեզի խոստում մը տուաւ , այժմ  Ան դաշինք կը խնդրէ, հաւատարմութեան դաշինք։ 

Յիսուս Աբրահամին որդին էր, որ աշխարհը եկաւ ստեղծագործութիւնը վերականգնելու համար։ Աշխարհ եկաւ մեր մեղքերուն փրկութեան համար, մեզ ազատագրելու համար։

Քրիստոնեան, քրիստոնեայ է՝ ոչ թէ որովհետեւ կրնայ ցոյց տալ մկրտութեանն դաւանանքը։ Մկրտութեան դաւանանքը թուղթ մըն է։ Դուն քրիստոնեայ ես եթէ՝ այո ըսես Աստուծոյ դաշինքին, որ Աստուած քու հետդ կնքեց։ Քրիստոնեայ ես երբ կը հետեւիս Տիրոջ քեզի կատարած խոստումներուն եւ ապրիս Տիրոջ հետ դաշինքը. սա է քրիստոնէական կեանքը։  Մեղքերու ուղին միշտ հակառակ է  հետեւալ  երեք ծաւալներուն . չ՝ընդունիլ ընտրութիւնը եւ ընտրել անթիւ կուռքեր, որոնք չեն պատկանիր Աստուծոյ։ Մերժել խոստումի յոյսը եւ ընթանալ ՝հեռուէն նայելով խոստումներուն։։ Բերրիութիւնը  ուրախութիւն է, այն ուրախութիւն զոր Աբրահամը Յիսուսի օրը տեսաւ եւ ան  ապա լիացաւ ուրախութեամբ։

Այս է այսօրուան Աստուծոյ խօսքի յայտնութիւնը որ կու տայ մեր քրիստոնէական կեանքին։ Իրազեկ ըլլալ որ ընտրուածներ ենք, ուրախութեամբ  ընթանալով դէպի խոստումի մը եւ հաւատարիմ դաշինքի կատարումին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 07:25
Կարդալ բոլորը >