Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանսիկոս Պապը աղօթեց հաղորդամիջոցներու մարզի աշխատաւորներուն համար։

Այսօրուայ Սուրբ Պատարագի ընթացին Քահանայապետը աղօթեց զանգուածային լրատուամիջոցներու մարզի աշխատաւորներուն համար, որոնք այս շրջանին մարդիկը կ՛օգնեն, իրենք զիրենք նուազ կղզիացումի մէջ գգալու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութիւնը

 

Վատիկան Նիուզ

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր կ՛ուզեմ որ աղօթենք բոլոր անոնց համար որոնք կ՛աշխատին զանգուածային լրատուամիջոցներու մարզէն ներս, որոնք, այս օրերուն, կ՛աշխատին հաղորդակցելու համար, որպէսզի մարդիկը այդքան ալ չի զգան կղզիացումի ծանրութիւնը. Աղօթենք անոնց՝ որոնք կը գործեն մանուկներու դաստիարակութեան ոլորտէն ներս, տեղեկատուութեան ոլորտէն ներս, ու կ՛օգնեն դիմանալու այս փակումի ժամանակին»։ Այս եղաւ մէկ ապրիլ 2020ի Ֆրանչիսկսոս Սրբազան Քահանայապետին սուրբ պատարագի աղօթքի դիտաւորութիւնը, զոր Ան ներկայացուց ուղիղ եթերով սփռուած՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին սկիզբը։

Ան ապա սուրբ զոհի ընթացքին ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց Օրուան Աւետարանին վրայ (Յովհաննէս 8, 31-42) ուր Յիսուս Հրէաներուն կ՛ըսէ. «Եթէ իմ խօսքիս մէջ մնաք, ճշմա՛րտապէս իմ աշակերտներս կ՚ըլլաք.ու ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք, եւ այդ ճշմարտութիւնը պիտի ազատէ ձեզ»: Այս կը նշանակէ թոյլ տալ առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն ըսաւ Քահանայապետը եւ ասոր համար Յիսուսին աշակերտը աւանդութեան եւ նորութեան մարդ է, ազատ մարդ է եւ  գաղափարախօսութիւններուն չենթարկուիր։

Քարոզը

Այս օրերուն եկեղեցին մեզի ունկնդրել կու տայ Յովհաննէսի 8-րդ գլուխը, ուր Յիսուս ամենամեծ վէճը  կ՝ունենայ դպիրներուն հետ։ Յովհաննէս առաքեալը կը ջանայ մօտենալ այդ պայքարին՝ յստակելու համար Յիսուսի ինքնութիւնը՝ըլլայ Յիսուսի, ըլլայ դպիրներուն ինքնութիւնը։ Յիսուս խօսելով ինքնութեան մասին, իրեն հաւատող հրեաներուն կ՝ըսէ. «եթէ մնաք իմ խօսքիս մէջ՝ ճշմարիտ առաքեալներ պիտի ըլլաք։ » Յիսուս չ՝ըսեր լաւ սորվեցէք այլ կ՝երթայ ամենէն կարեւոր բանին «իմ խօսքիս մէջ մնացէք» եւ բոլոր անոնք որոնք կը մնան Յիսուսի խօսքին մէջ պիտի ունենան քրիստոնէական ինքնութիւն։

Քրիստոնէական ինքնութիւնը թուղթ մը չէ։ ուր գրուած է «ես քրիստոնեայ եմ»։ Քրիստոնէական ինքնութիւնը անձնաթուղթ մը չէ։ Քրիստոնէական ինքնութիւնը աշակերտութիւն է։ Եթէ մնաս Տիրոջ մէջ՝ Տիրոջ խօսքին ու կեանքին մէջ  առաքեալ կ՝ըլլաս։ Եթէ չմնաս Տիրոջ Խօսքին մէջ պիտի դառնաս մէկ մը, որ Յիսուսին կը հետեւի,  բարեսիրական գործեր կը կատարէ եւ ունի ուղիղ արժանիքներ։

Աշակերտութիւնը ճշմարիտ քրիստոնեային ինքնութիւնն է ։Աշակերտութիւնն է, որ մեզի կու տայ։ Աշակերտը ազատ մարդ է, որովհետեւ Տիրոջ մէջ կը մնայ։ Տիրոջ մէջ մնալ կը նշանակէ Սուրբ Հոգիին թոյլ տալ, որ մեզ առաջնորդէ եւ ասոր համար աշակերտը միշտ աւանդութեան, նորութեան եւ ազատ մարդ  է։  Աշակերտը երբեք գաղափարախօսութիւններուն ենթակայ մը չէ, աշակերտը Տիրոջ մէջ  մնալով, Սուրբ Հոգինն է որ զինք կը ներշնչէ։  

Տիրոջմէ կը հայցեմ, որ մեզի ճանչցնէ Իրեն մէջ մնալու իմաստութիւնը , ճանչցնէ նաեւ այն մտերմութիւնը՝ Սուրբ Հոգիին հետ, Սուրբ Հոգին է, որ մեզի ազատութիւն կը պարգեւէ,  դա օծում է։ Ով որ կը մնայ Տիրոջ մէջ-  աշակերտ մըն է եւ աշակերտը օծեալ է , օծուած Սուրբ Հոգիէն։ Սա ուղին է,  որ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ՝ ազատութեան ինչպէս նաեւ կեանքի համար։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը այսօրուան քարոզին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2020, 07:35
Կարդալ բոլորը >