Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Քաղաքական մարդիկը պէտք է մտածեն ժողովուրդի եւ ոչ թէ կուսակցութեան շահերուն». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աղօթենք զանազան երկիրներու քաղաքական կոմկուսակցութիւններուն համար որպէսզի այս համաճարակի պահուն, միասնաբար որոնեն իրենց երկրին բարիքը եւ ոչ թէ կուսակցութեան բարիքը»

Երկուշաբթի 20 ապրիլ 2020ի, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած առաւօտեան Սուրբ Պատարագին որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրեց՝ քաղաքական մարդիկը, որպէսզի, ըսաւ Ան, այս համաճարակի ընթացքին ի գործ դնեն իրենց կոչումը, որ սիրոյ վեհանձն ձեւ մըն է։

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր աղօթենք մարդոց ու կիներուն, որոնք քաղաքական կոչում ունին. քաղաքականութիւնը սիրոյ վեհանձն կերպ մըն է։ Աղօթենք զանազան երկիրներու քաղաքական կուսակցութիւններուն համար, որպէսզի այս համաճարակի պահուն, միասնաբար որոնեն իրենց երկրին բարիքը եւ ոչ թէ կուսակցութեան բարիքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տալով Սուրբ Պատարագին։

Քարոզ

Երկուշաբթի, 20 ապրիլին, Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն, խօսեցաւ Սուրբ Հոգիին մասին նշելով, թվ ով որ ինքզինք թոյլ կու տայ սուրբ Հոգիէն առաջնորդուելու, այդ անձը խոնարհ եւ ազատ քրիստոնեայ է ։

Մեկնաբանելով Յովհաննէսի աւետարանէն քաղուած այօրուան ընթերցումը, ուր կը խօսուի Փարիսեցի Նիկոդեմոս անունով մարդու մը մասին, որ գիշեր մը Յիսուսի քով կ՝երթայ եւ կ՝ըսէ «Ռաբբի, գիտենք որ Աստուծմէ եկած ես իբրեւ վարդապետ եւ Յիսուս կը պատասխանէ «ճշմարիտ կ՝ըսեմ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չկրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը»,  Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տուաւ, որ բոլոր փարիսեցիները քէշ մարդիկ չէին։ Նիկոդեմոս բարի եւ արդար փարիսեցի էր, որ ինքզինք անհանգիստ զգալով Տէրը կը փնտռէր։  Նիկոդեմոս չհասկնալով ինչ կը նշանակէ Սուրբ Հոգիէն վերստին ծնիլ,  Յիսուս Սուրբ Հոգիին մասին կը խօսի ըսելով «Հովը կը փչէ ուր որ ուզէ, դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր՝ թէ ուրկէ կու գայ եւ ուր կ՝երթայ. նոյնպէս են ամէն անոնք որ Հոգիէն ծնած են»։

Նորին Սրբութքիւնը նշեց նաեւ թէ Քրիստոնեայ մի ոչ միայն պէտք է յարգէ պատուիրանները, այլ պէտք է թոյ տայ որ Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուելու, հոն ուր որ կ՝ուզէ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով ապա  օրուան Գործ Առաքելոցէն քաղուած ընթերցուած, ուր կը խօսուի Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներու մասին, որոնք Աստուծոյ կ՝աղօթեն, որպէսզի համարձակութեամբ  կարենան Աւետարան քարոզել՝ դժուար կացութիւններուն մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ այդ երկու առաքեալներուն արարքը Սուրբ Հոգիին պտուղն է  .

«Դժուարութիւններուն, փակ դուռի մը դիմաց, առաքեալները չէին գիտեր ինչպէս յառաջ երթալ։ Անոնք Տիրոջ մօտենալով իրենց սրտերը բացին։ Սուրբ Հոգին  անոնց սրտերու  մէջ մուտք գործեց, որպէսզի առաքեալները դուրս գան  եւ քաջութեամբ  աւետարանը քարոզեն։ Այս է  ծնիլը սուրբ հոգիէն։ Պէտք չէ կանգ առնել  պատուիրանները յարգելէ եւ գործադրելէ կամ ալ կրօնական աւանդութիւնները յարգելէ ետք։ Աղօթքը վերստին ծնիլ է ։ Աղօթքով մեր սրտերը կը բանանք սուրբ հոգիին։ 

Թող Տէրը օգնէ մեզի միշտ բաց գտնուելու Սուրբ Հոգիին, որպէսզի Ան մեզ առաջնորդէ՝ Տիրոջ մատուցած մեր ծառայութեան կեանքի մէջ ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2020, 08:04
Կարդալ բոլորը >