Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց անոնց համար որոնք թաղումի ծառայութիւններով կը զբաղին։

«Միասին աղօթենք այն անձերուն համար որոնք թաղումի ծառայութիւններ կը մատուցեն» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Ցաւով եւ վիշտով լի է անոնց կատարած գործը, եւ անոնք սոյն համաճարակի ցաւը այնքան մօտ կը զգան։ Աղօթենք անոնց համար»։

Շաբաթ 25 ապրիլ 2020-ի առաւօտեան 7-ին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին սկիզբը հրաւիրեց աղօթել համաճարակի այս օրերուն թաղումի ծառայութիւններով զբաղող մարդոց դիտաւորութեան։

Ունկնդրէ լուրը

«Միասին աղօթենք այն անձերուն համար որոնք թաղումի ծառայութիւններ կը մատուցեն» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Ցաւով եւ վիշտով լի է անոնց կատարած գործը, եւ անոնք սոյն համաճարակի ցաւը այնքան մօտ կը զգան։ Աղօթենք անոնց համար»։

Քարոզ

Մինչ սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան Մարկոսի աւետարանէն քաղուած հետեւեալ հատուածը. 

«Յիսուս երեւցաւ առաքեալներուն ու ըսաւ անոնց. Գացէք բոլոր աշխարհ եւ աւետարանը քարոզեցէք բոլոր արարածներուն։ Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝պիտի փրկուի, եւ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։ Ասոնք են նշանները, որ պիտի ընկերանան հաւատացեալներուն. Իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին, ձեռքերնին օձ պիտի բռեն, եւ եթէ մահացու թոյն մըն ալ խմեն՝պիտի չվնասէ անոնց. Ձեռք պիտի դնեն հիւանդներուն վրայ ու պիտի բժշկեն։ Եւ Ինքը Տէր Յիսուս, անոնց հետ այպէս խօսելէն վերջ՝ երկինք համբարձաւ եւ նստաւ Հօր աջ կողմը։ (Մարկոս 26, 15-20)

Ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով յիշեալ աւետարանի տողերէն, քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացնելով հաւատքի վրայ ըսաւ. « Հաւատքը կամ միսիոներական է կամ ալ հաւատք չէ։ Հաւատքը ինծի համար լոկ բան մը չէ, որպէսզի ես հաւատքի մէջ աճիմ։ Հաւատքը կեանքի վկայութեամբ կը կռենք։ Երբեմն կը թերանանք հաւատքի համոզումի մէջ.  հաւատքը անձնաթուղթի մը լոկ տուեալ մը չէ։ Ան որ հաւատք ունի պէտք է ինքն իրմէ դուրս ելլէ ՝ընկերութեան մէջ ցոյց տալու համար։ Սա չնշանակեր մարդորսութիւն, այլ կը նշանակէ հաւատքը ծառայութեամբ վկայել եւ իբրեւ քրիստոնեայ ապրիլ։  Նախ քան բան ըսելը , իբրեւ քրիստոնեայ պէտք է հաւատքը ապրինք շօշափելի կերպով։ Հաւատքը չփոխանցուիր համոզելու համար, այլ գանձ մը նուիրելու համար։ 

Հաւատքի փոխանցումին մէջ , Տէրը միշտ ներկայ է , մինչ  գաղափարապաշտութիւններուն փոխանցումին մէջ ներկայ են ուսուցիչները։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը հայցելով Տիրոջմէ, որ բոլորիս շնորհէ« բաց դռներով եւ թափանցիկ հաւատքով ապրելու շնորհքը։»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2020, 07:29
Կարդալ բոլորը >