Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց աղօթել ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն համար։

«Աղօթենք ուսուցիչներուն համար, որոնք պէտք է մեծ աշխատանք տանին դասընթացքները կատարելու ցանցի ու համացանցային տարբեր ուղիներու միջոցաւ եւ աղօթենք նաեւ աշակերտներուն համար, որոնք քննութիւնները պիտի կատարեն այն ձեւով, որուն սովոր չեն։

Ուրբաթ 24 ապրիլ 2020ի, առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղիղ եթերով իրեն հետեւող հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու դպրոցի աշխարհին համար՝ ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Աղօթենք ուսուցիչներուն համար, որոնք մեծ աշխատանք տանին դասընթացքներ կատարելու ՝ցանցի ու համացանցային տարբեր ուղիներու միջոցաւ. աղօթենք նաեւ աշակերտներուն համար, որոնք քննութիւնները պիտի կատարեն այն ձեւով, որուն սովոր չեն։ Անոնց ընկերանանք աղօթքով» հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով Սուրբ Պատարագին։

Քարոզ

Մինչ՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան Յովհաննէսի աւետարանէն  քաղուած հատուածը, ուր կը խօսուի հացի եւ ձուկի բազմացումի հրաշքին մասին։ (Յովհ 6,1-15)։

Ան  խօսքը կեդրոնացնելով Յիսուսի առաքեալներուն ջամբած ուսուցմին վրայ նշեց, թէ Աւետարանը լի է Յիսուսի այս ժեսթերով,  առաքեալներու ջամբած ուսուցումի ժեսթեր, որպէսզի առաքեալները աճին եւ դառնան Աստուծոյ ժողովուրդին հովիւները։  

Հացի եւ ձուկի  հրաշքի դրուագին մէջ Յիսուս փորձի կ՝ենթարկէ առաքեալները, որոնք չէին գիտեր ինչպէս կերակուր հայթայթել մեծ ամբոխին, , որ Յիսուսի կը հետեւէին։  Յիսուս կը սիրէ ամբոխին մէջ  մնալ՝ ժողովուրդին մօտիկութիւնը փնտռելով եւ  աշակերտներուն սորվեցնելով ժողովրդին մօտիկ գտնուիլ։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ Ան ապա շարունակելով խօսիլ հացի եւ ձուկի բազմացումի հրաշքի մասին նշեց , Ժողովուրդը որ յոգնած է եւ  հովիւներէն  շօշափելի բաներ կը խնդրէ, Ժողովուրդը այսօր եւս  հովիւներէն շատ բաներ կ՝ակնկալէ։  Հովիւը պէտք է, որ  հոգ տանի ժողովուրդին, ընդառաջելով անոնց խնդրանքներուն։  Յիսուս ասոր համար աշակերտներուն ըսաւ տուէք այն ինչ որ ժողուրդը պէտք ունի։ Յիսուս ապա  այս կատարելէ ետք  կը քաշուի՝ Հօր աղօթելու համար։ ըսաւ ՖրանչիսկոսՊապ մատնանշելով Յիսուսի մօտիկութիւնը՝ ըլլայ Հօր Աստուծոյ,  ըլլայ ժողովուրդին նկատմամբ։  

Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակելով խօսիլ բարի հովիւին մասին նշեց, թէ բարի հովիւին կարողութիւնը կը կայանայ ծառայութեան մէջ ։Բարի հովիւը երբ կը շեղի այդ իր ծառայութեան կոչումէն, կը դառնայ պարզ գործարանի մը մատակարարը։ 

Ան ապա եզրափակեց քարոզը Հայցելով Տիրոջմէ, որ քաջութիւն ներշնչէ հովիւներուն, որպէսզի անոնք  չվախենան եւ միշտ նեցուկ կանգնին ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2020, 07:37
Կարդալ բոլորը >