Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

Քահանայապետը աղօթեց ընտանիքներու խաղաղութեան համար։

Այս դժուար պահուն աղօթենք յատկապէս ընտանիքներուն համար որպէսզի անոնք պահպանեն ընտանեկան խաղաղութիւնը, ուրախութիւնն ու ուժը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ 14 մարտ 2020-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագը՝ Վատիկան Նիուզի միջոցաւ դարձեալ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով։ Այս առթիւ Քահանայապետը շարունակեց աղօթել Քովիտ 19 ժահրէն վարակուածներուն համար, յատուկ աղօթք մըն ալ կատարելով ընտանիքներուն ու յատկապէս անկարներուն համար։

«Շարունակենք աղօթել այս համաճարակէն վարակուած հիւանդներուն համար»,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Այսօր կ՛ուզեմ յատուկ աղօթք մը խնդրել նաեւ ընտանիքներուն համար, որոնք այս օրերուն իրենց զաւակներուն հետ կը գտնուին տան մէջ, տրուած ըլլալով որ  ապահովութեան համար դպրոցները փակ են ու անոնք պէտք է այս դժուար պահը դիմագրաւեն ու լաւապէս կազմակերպեն տուն կեցութիւնը, խաղաղութեան ու նաեւ ուրախութեան մէջ։ Յատուկ օրէն կ՛ուզեմ աղօթել այն ընտանիքներուն համար որոնք անկար անձեր ունին։ Անոնց խնամք տանող բուժարաններն ալ փակ են ու այդ անձերը պէտք է իրենց ընտանիքին մօտ մնան։ Աղօթենք ընտանիքներուն համար որպէսզի անոնք չի կորսնցնեն ընտանեկան խաղաղութիւնը այս դժուար պահու ընթացքին ու միշտ յառաջ տանին ընտանեկան կեանքը, կարողութեամբ եւ ուրախութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետը պատարագին սկիզբը։

Ունկնդրէ լուրը

 

Քարոզը

Ան ապա Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան աւետարանին վրայ,  որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն (Ղուկաս 15, 1-3. 11-32) ու կը խօսի անառակ որդիի առակի մասին։

«Յիսուս այս առակը կը պատմէ յատուկ իրողութեան մը դիմաց։ Անոր մօտ կու գան մաքսաւորներ ու մեղաւորներ մտիկ ընելու անոր խօսքին։ Մինչ փարիսեցիներն ու  դպիրները կը քննադատէին Յիսուսը որ կը խօսէր մեղաւորներու հետ ու անոնց հետ հացը կը կիսէր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Անոնք՝ որ օրէնսգէտներ կը համարէին իրենք զիրենք կ՛ուզէին վարկաբեկել Յիսուսին իշխանութիւնը մինչ մեղաւորները՝ որոնք պարզ մարդիկ էին կարիքը ունէին առաջնորդի մը, հովիւի մը,  որ զիրենք օգնէ կեանքին մէջ յառաջ ընթանալու համար։

Առակին մէջ որդին հօրմէն կը պահանջէ իր ժառանգութեան մասը ու հայրը յօժարակամ անոր կու տայ խնդրածը, առանց բան մը ըսելու, որովհետեւ հայր է եւ գիտէ տառապիլ լռութեան մէջ։

Հայր մը կը նայի ժամանակներէն անդին։ Ան թոյլ կու տայ որ անպատեհ ժամանակները անցնին։ Որդին կ՛ուզէ դուրս գալ տունէն աշխարհը պտըտիլ, որովհետեւ մի գուցէ ինքզինք բանտարկեալ կը զգայ այդ տան մէջ, մինչ Հայրը կը զգայ՝ ցաւ, քնքշութիւն ու սէր։

Երբ որդին կը զղջայ եւ կ՛ուզէ վերադառնալ հօր տունը, այնտեղ կը գտնէ գթասիրտ հայրը, որ զինք կը սպասէ, որովհետեւ հայր մը գիտէ սպասել զաւակները։

Մինչ երէց որդին այդ մէկը տեսնելով կը բարկանայ, որովհետեւ այդ մէկը անարդար կը նկատէ։ Ինք որ միշտ իր պարտականութիւններ կատարած էր։ Օրէնքի վարդապետները եւս նոյնը կը կատարեն։ Կը մտածեն թէ այդ տան մէջ միայն իրենք իրաւունքներու տէր են  ու թէ պէտք չէ մեղաւորներուն համար տեղ տալ ու խնճոյք սարքել անոնց համար։

Երէց զաւակը այդ տան մէջ կ՛ապրէր՝ կարծես պանդոկ մը ըլլար. Չէր զգար հայրութիւնը, մինչ հայրը անոր կ՛ըսէ.  որդիս դուն միշտ հետս ես ու ամէն ինչ որ իմս է քուկդ է։ Սակայն երէց տղան այդ մէկը չէր նշմարած կարծես։

Հայրը ոչ մէկ յանդիմանութեան խօսք կ՛ուղղէ անառակ որդիին, միայն զայն կ՛ողջագուրէ ու անոր համար խնջոյք կը սարքէ, մինչ ստիպուած է երկրորդ զաւկին բացատրութիւններ տալ, որովհետեւ անոր սիրտը փակ էր։

Այս առակը մեզի կը պատմէ շատ բաներ, ան պատասխան է անոնց որոնք Յիսուսը կը քննադատէին։ Այսօր եւս բազմաթիւ քրիստոնեաներ, Եկեղեցւոյ մարդիկ, անոնք որոնք կը մօտենան կարիքաւորներուն ու կը գործեն եկեղեցւոյ համար՝ քննադատուած են։

Թող որ Տէրը  մեզի շնորհք պարգեւէ հասկնալու համար թէ ո՞րն է հարցը։ Հարցը այն է թէ կ՛ապրինք տան մէջ, առանց մենք մեզ զգալու այդ տան բնակիչ,  որովհետեւ մի գուցէ կը պակսի հայրութեան եւ եղբայրութեան յարաբերութիւնը - ըսաւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2020, 11:17
Կարդալ բոլորը >