Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

«Հովիւները այս պահուն մօտիկ ըլլալու են ժողովուրդին. կտրուկ միջոցներու դիմելը միշտ ալ շիտակ չէ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց հիւանդներուն համար ու նաեւ հովիւներուն համար որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը միայնակ չի ձգեն ու անոր ընկերանան Աստուծոյ Խօսքի , խորհուրդներու ու աղօթքի միջոցաւ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս յայտնի է այս օրերուն՝ երբ աշխարհին մէջ Քորոնա ժահրի համաճարակը կը տարածուի, խռովութեան մատնելով բազմաթիւ անձեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որոշած է Տոմուս Սանթա Մարթայի Մատուրէն  մատուցած պատարագները՝ Վատիկան Նիուզի միջոցաւ սփռել ուղիղ եթերով, որպէս նշան մօտիկութեան՝ ժահրէն վարակուած հիւանդներուն, ու նաեւ բոլոր անոնց որոնք այս պահուն կը տառապին կամ կը գործեն արմատախիլ ընելու համար այս հիւանդութիւնը։

Ուրբաթ 13 մարտ 2020-ին, իր Քահանայապետ ընտրութեան 7-րդ տարեդարձին օրը, Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու Քորոնա ժահրի հիւանդներուն համար ու նաեւ Եկեղեցւոյ հովիւներուն համար։

«Այս օրերուն կը միանանք հիւանդներուն, ընտանիքներուն, որոնք կը տառապին այս համաճարակէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Եւ այսօր կ՛ուզեմ նաեւ աղօթել հովիւներուն համար որոնք այս տագնապի մէջ  պէտք է ընկերանան  Աստուծոյ ժողովուրդին։ Թող Տէրը անոնց ուժ ու կարողութիւն տայ,որպէսզի ամենայարմար միջոցները ընտրեն ընկերանալու համար հաւատացեալներուն։ Կտրուկ միջոցներու դիմելը միշտ ալ շիտակ չէ» ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց աղօթել որպէսզի Սուրբ Հոգին Հովիւներուն պարգեւէ կարողութիւնը հովուական զատորոշումի, որպէսզի միայնակ չի թողուն Աստուծոյ սուրբ եւ հաւատարիմ ժողովուրդը։ Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց նաեւ որ Աստուծոյ ժողովուրդը ինքզինք զգայ առաջնորդուած հովիւներէն՝ մխիթարութեամբն  Աստուծոյ Խօսքին խորհուրդներուն ու աղօթքին։

Այս խօսքերով Քահանայապետը անշուշտ չ՞ակնարկեր կառավարութեան կողմէ որդեգրուած միջոցներուն, այլ կը դիմէ հովիւներուն որպէսզի նկատի առնէն հաւատացեալներուն  հոգեւոր կարիքները այսպիսի ողբերգական ժամանակահատուածի մը ընթացքին։

Քարոզը

Սուրբ Զոհին ընթացքին  արտասանած իր քարոզին մէջ, ներշնչում քաղելով Մատթէոս Աւետարանիչէն  քաղուած օրուան աւետարանական հատուածէն (Մատթ 21, 33-43.45) ուր Յիսուս կը  ներկայացնէ ոճրագործ մշակներուն առակը , Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց այն անձերուն՝ որոնք անհաւատարմութեամբ  կը սեփականացնեն Աստուծոյ պարգեւները  ու զանոնք կը ներփակեն վարդապետութեան մը մէջ։

Առակը կը խօսի այն տանտիրոջ մասին որ այգի մը կը տնկէ ցանքով կը պատէ եւ անոր մէջ հնձան կը փորէ, ապա աշտարակ կը շինէ ու զայն մշակներուն կու տայ որպէսզի խնամք տանին անոր։ Երբ պտուղի ժամանակը կը հասնի, տանտէրը իր  ծառաները կը ղրկէ պտուղները քաղելու համար, մշակները սակայն բռնելով այդ ծառաները կը տանջեն ու կը սպանեն։ Տէրը այլ ծառաներ ալ կը ղրկէ, անոնք ալ սակայն նոյն ճակատագիրը կ՛ունեան։ Առ  այդ կ՛որոշէ իր որդին ղրկել մտածելով թէ մի գուցէ որդիէն պատկառին։ Բայց մշակները երբ կը տեսնեն որդին՝ իրարու կ՛ըսեն. «Այս է ժառանգորդը, եկէք սպանենք զայն եւ իր ժառանգութիւնը մենք առնենք»։

«Մշակները կը ներկայացնեն   Աստուծոյ ժողովուրդը զոր Աստուած ընտրած է։ Ընտրեալ ժողովուրդ որ պէտք է միշտ ի միտ ունենայ այդ ընտրութեան յիշողութիւնը ու նաեւ յառաջ ընդանալու խոստումը» ըսաւ Քահանայապետը, թէեւ առակին մէջ կը պատահի  թէ  երբ պտուղները քաղելու ժամը կը հասնի անոնք կը մոռնան թէ իրենք չեն տանտէրերը։

«Անոնք չեն վարանիր սպաննելու նաեւ որդին,կողոպտելով ժառանգութիւնը։ Ասիկա անհաւատարմութեան պատմութիւն մըն է։ Որովհետեւ ընտրանքը եւ խոստումը Աստուծոյ պարգեւներ են ու անոնք այդ պարգեւին դիմաց անհաւատարիմ գտնուեցան» յարեց Սրբազան Քահանայապետը,  նկատել տալով թէ անոնք սեփականացուցին պարգեւը ու պարգեւը որ հարստութիւն, բացուածք ու օրհնութիւն է արգելափակուեցաւ օրէնքի մը վարդապետութեան մէջ։ Դարձաւ գաղափարախօսութիւնը ու կորսնցուց իր պարգեւ ըլլալու յատկութիւնը։

«Ասիկա մեղք մըն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Աստուած մոռնալու մեղքն է։ Մոռնալ թէ ան ինքզինք պարգեւեց մեզի համար։

Քարոզի աւարտին Նորին Սրբութիւնը  մատնանշեց  թէ ինք այս պատմուածքին մէջ կը տեսնէ նաեւ կղերապաշտութիւնը, կղերապաշտութիւնը համարելով այլասերում, որ կը ժխտէ Աստուծոյ փրի խոստումն ու դաշինքը։  Ան կը մոռնայ յայտնութիւնը, կը մոռնայ թէ Աստուած յայտնուեցաւ մեզի համար ու մեզի համար դարձաւ պարգեւ։

«Յիսուս ապա այլ բացատրութիւններ կու տայ առակներու միջոցաւ ու Աւետարանի 23-րդ գլխուն մէջ կը յանգի դատապարտումին ուր կը յայտնէ Աստուծոյ զայրոյթը նկատմամբ անոնց որոնք կը սեփականացնեն այդ պարգեւը ու զայն կը դարձնեն իրենց համար հարստութիւն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խնդրեց որ Տիրոջմէ հայցենք շնորհքը՝ պարգեւը ընկալելու որպէս պարգեւ ու զայն փոխանցելու ոչ թէ որպէս սեփականութիւն այլ միշտ որպէս պարգեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2020, 10:00
Կարդալ բոլորը >