Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ, «աղօթենք համաճարակի հետեւանքով նիւթական դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն համար»։

Տէրը կրնայ սպասեցնել մեզ սակայն՝ բնաւ յուսախաբ պիտի չընէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 23 մարտին, առաւօտեան, Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագը Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց համաճարակի հետեւանքով, նիւթական դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն դիտաւորութեան։ Ան հրաւիրեց այս ճգնաժամային օրերուն աղօթել հաւատքով, յարատեւութեամբ եւ քաջութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն, ուր կը խօսուի իշխանազունին բժշկութեան մասին, (Յովհ 4,43) ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց աղօթքի կարեւորութիւնը,  յորդորելով իսկական եւ հարազատ աղօթքի համար կատարել այս երեք բաները։

Առաջին՝ հաւատքով աղօթել։ Ան նշեց, որ աղօթքը պէտք չէ որ միայն բերնէն բխող խօսքը ըլլայ, նկատել տալով, որ եթէ աղօթքը սիրտէն չբխի՝ անիկա տկար աղօթք կը համարուի։ Աղօթքի ատեն պէտք է գիտակցութիւնը ունենանք,որ Տէրը  գոյութիւնը ունի եւ Տիրոջ հետն է, որ կը խօսինք՝ մեր հարցերը լուծելու կարողութիւնը ունեցող Տիրոջ հետ։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Երկրորդ՝աղօթել յարատեւութեամբ։ Նոյնինքն Յիսուսն է, որ մեզի կը սորվեցնէ յարատեւութեամբ աղօթել։ Յարատեւութեամբ բախել Աստուծոյ դուռը. հաւատք եւ յարատեւութիւն միասին կ՝ընթանան, որովհետեւ եթէ հաւատք ունիս եւ վստահութեամբ աղօթես Տէրը քեզի պիտի շնորհէ այն ինչ որ պիտի խնդրես։ Եթէ Տէրը սպասել կու տայ, պէտք է շարունակել Տիրոջ դուռը բախել, մինչեւ որ Տէրը պարգեւէ մեր խնդրած շնորհքը։

Երրորդ։ Քաջութեամբ աղօթել։ Պէտք է քաջութիւնը ունենալ Տիրոջ դիմաց գտնուելու՝ Մովսէսին, Աբրահամին  նման, որոնք  քաջութիւնը ունեցան Տիրոջ առջեւ երթալու։ Քաջութիւնը առաքինութիւն է, որուն կարիքը կայ ոչ միայն առաքելական գործունէութիւններուն համար այլեւ աղօթքի համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը նշելով, որ այս ճգնաժամային օրերուն, յոյժ կարիքը կայ հաւատքով, քաջութեամբ եւ յարատեւութեամբ աղօթելու։ Ան նշեց, թէ Տէրը մեզի սպասել կու տայ սակայն՝ բնաւ  յուսախաբ պիտի չընէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2020, 09:57
Կարդալ բոլորը >