Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «աղօթենք բժիշկներուն, քահանաներուն համար, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հիւանդներուն ծառայելով»։

«Իմացայ, որ այս օրերուն մահացած են կարգ մը քահանաներ, բժիշկներ, հիւանդապահներ եւ հիւանդապահուհիներ, որոնք ժահրով վարակուած հիւանդները բուժելու ժամանակ իրենք եւս վարակուեցան ապա մահացան։ Աղօթենք անոնց ու անոնց ընտանիքներուն համար. Գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ անոնց՝ հիւանդներու ծառայութեամբ տուած հերոսական օրինակին համար»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 24 մարտին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց այն քահանաներուն, բժիշկներուն, հիւանդապահներուն համար, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ՝ քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդները փրկելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Իմացայ, որ այս օրերուն մահացած են կարգ մը քահանաներ, բժիշկներ, հիւանդապահներ եւ հիւանդապահուհիները, որոնք  ժահրով վարակուած հիւանդները բուժելու ժամանակ իրենք եւս վարակուեցան ապա մահացան Աղօթենք անոնց ու անոնց ընտանիքներուն համար. Գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ անոնց՝ հիւանդներու ծառայութեամբ  տուած  հերոսական օրինակին համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պատարագին սկիզբը։

Քարոզը

Ապա մեկնաբանելով օրուան Աւետարանի ընթերցումը, ուր Յիսուս կը բուժէ անդամալոյծ մը Պրոպատիկէի կամ Բեթ-Հեզդայի աւազանին մօտ (Յովհ Ե. 1-16). Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով անդրադարձած է ծուլութեան մեղքի վտանգին։

Նախ խօսելով ջուրի մասին ան նկատած է, թէ ջուրը փրկութեան խորհրդանիշ է, սակայն կրնայ նաեւ կործանումի միջոց ըլլալ, ինչպէս ջրհեղեղը։ Պրոպատիկէի աւազանին ջուրը կը բուժէր, ինչպէս կը պատմէ Աւետարանը։ Բազմաթիւ հիւանդներ կային այնտեղ որոնք կʼընդունէին բուժում։ Սակայն կար մարդ մը որ 38 տարի է այնտեղ էր, կը սպասէր բուժումի։ Սրբազան Հայրը ուշադրութեան կը յանձնէ, որ այդ հիւանդը թերեւս չունէր բուժուելու այդ խանդը։ Երբ Յիսուս անոր կը հարցնէ, թէ «կʼուզե՞ս առողջանալ»։ Հիւանդը անմիջապէս չի պատասխաներ. «այո՛ կʼուզեմ առողջանալ» այլ «չունիմ ոչ մէկը որ զիս աւազան նետէ»։ Յիսուս կը բուժէ այդ մարդը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հարցականի տակ կը դնէ հիւանդին վարմունքը – արդեօք իսկապէս ծա՞նր էր անոր վիճակը, արդեօք որոշում կայացնելու դժուարութիւ՞ն մը ունէր։ Երբ հիւանդը Յիսուսի հարցին կը պատասխանէ, չʼըսեր «կʼուզեմ բուժուիլ», այլ կը գանգատի ուրիշներու մասին։

Աւելի ուշ երբ Յիսուս կը հանդիպի հիւանդին, կʼըսէ. «ահաւասիկ բուժուեցար, այլեւս մի՛ մեղանչեր»։ Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ հիւանդին մեղքը անոր գանգատելուն մէջ կը տեսնէ։ «Տրտմութեան մեղքը սատանայի սերմն է» ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ անհատ մը որ անկարող է որոշումներ կայացնել իր անձնական կեանքի համար կը գանգատի ուրիշներու մասին։

Սրբազան Պապը ապա բաղդատելով այս հրաշքը Յիսուսի կատարած կոյրի բուժումին հետ, նկատեց, թէ կոյրը խանդավառ եւ ուրախ էր իր ստացած բուժումով, մինչեւ իսկ վիճաբանութեան մտած էր օրէնքի վարդապետներուն հետ։ Իսկ բուժուած անդամալոյծը միայն անոնց տեղեկութիւն կու տայ. «այո՛, ան է» որ զիս բուժեց։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ շատ մը քրիստոնեաներ ծուլութեան այս վիճակի մէջ են, անկարող որոշումներ կայացնելու, եւ կը գանգատին ուրիշներու մասին։ Ծուլութիւնը թոյն մըն է, ըսաւ ան, մառախուղ մըն է որ կը պատէ հոգին եւ թոյլ չի տար որ ապրի. ծուլութեան մեղքը կը վերջանայ տրտմութեան մէջ։

Եզրափակելով քարոզը, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ. «մտածենք ջուրի մասին, այն ջուրի մասին, որ մեր զօրութեան եւ մեր կեանքի խորհրդանիշն է, այն ջուրը, զոր Յիսուս գործածեց մեզ վերածնելու համար՝ մկրտութիւնը։ Մտածենք մեր մասին, թէ արդեօք մեզմէ ոեւէ մէկը վտանգուած է ծուլութեան մէջ, չէզոքութեան մեղքին մէջ իյնալու։ Սա մեղք մըն է որ սատանան կրնայ գործածել՝ ոչնչացնելու համար մեր հոգեւոր կեանքը։ Տէրը մեզի օգնէ հասկնալու թէ ինչքա՛ն վատ եւ չար է այս մեղքը։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2020, 10:10
Կարդալ բոլորը >