Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.« աղօթենք քորոնա ժահրի հետեւանքով մահացողներուն համար»:

Մեր Աստուածը մօտիկութեան Աստուած է, ասոր համար իրարու նեցուկ կանգնինք մանաւանդ համաճարակի այս օրերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 18 մարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  Տոմուս Սանթա Մարթա Մատրան մէջ Սուրբ Պատարագը մատուցեց պսակաւոր ժահրէ վարակուած հիւանդներուն օգնութեան փութացող հիւանդապահներուն ու բժիշկներուն դիտաւորութեան:  Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս խնդրեց, որ աղօթենք այն բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն համար որոնք նեցուկ գտնուեցան հիւանդներուն,  նոյնիսկ զոհելով իրենց կեանքը:

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթենք զոհերուն համար անոնց որոնք ժահրի պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցին յատուկէն առողջապահական գործիչներուն համար, որոնք այս օրերուն իրենց կեանքը զոհեցին հիւանդներուն նեցուկ կանգնելու համար , ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Ան ապա այսօրուան քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, ուր կը խօսուին Աստուծոյ ժողովուրդին փոխանցած օրէնքներուն մասին  Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց , որ մեր Աստուածը Իր ժողովուրդին մօտիկ գտնուող Աստուած է, որ այս դժուար օրերուն մեզմէ կը խնդրէ, որ մենք եւս իրարու նեցուկ կանգնինք:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Աստուած  իր ժողովուրդին պարգեւեց օրէնքը մօտիկութեան կեցուածքով, հայրական կեցուածքով, որովհետեւ Աստուած մօտիկութեան Աստուած է եւ, որ կը քալէ իր ժողովուրդին հետ:

Սրբազան Պապը  ապա նկատել տուաւ, որ  Սուրբ գիրքին մէջ կը տեսնենք մարդու ոչ մօտիկութեան երկու կեցուածքներ:  Ադամի եւ Եւայի կեցուածքը, որոնք հեռացան Աստուծոյ մօտիկութենէն ամօթ զգալով որովհետեւ մեղանչեցին: Մեղքն է, որ մեզ կը տանի թաքնուելու եւ Աստուծոյ մօտիկութիւնը մերժելու: Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ  ան ապա  նշեց  Սուրբ Գիրքի մէջ մարդու երկրորդ կեցուածքը: Սպանութեան կեցուածքը, ինչպէս Կայէն սպանեց իր եղբայրը ըսելով «ես իմ եղբօրս պահակը չեմ:»

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ մարդու  այս երկու կեցուածքները կը վերացնեն Աստուծոյ ամէն մօտիկութիւն: Մարդն է, որկը մերժէ Աստուծոյ մօտիկութիւնը: Մեր Աստուածը մարդու մօտիկ Աստուած է,  Ան մեզմէ կը խնդրէ, որ նեցուկ կանգնինք իրարու՝  նամանաւանդ այս համաճարակի տագնապի պահուն:

Մեր Աստուած մերձաւորութեան Աստուած է: Այս պատճառաւ մեկուսացուած, կղզիացած անհատներ չենք, որովհետեւ Տիրոջմէ ժառանգած ենք մերձաւորութեան ժառանգը՝այսինքն մօտիկութեան ժեսթը: Խնդրենք Տիրոջմէ իրարու նեցուկ կագնելու շնորհքը  եւ երբեք մեր ձեռքերը  չլաւանք Կայէնի նման:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2020, 09:50
Կարդալ բոլորը >