Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Կ'աղօթեմ վախի եւ մեկուսացուած վիճակի մէջ գտնուող տարեցներուն համար»

«Աղօթենք, որպէսզի Տէրը նեցուկ կանգնի մեր մամիկներուն, հայրիկներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր տարեցներուն՝ շնորհելով անոնց ուժ ու զօրութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 17 մարտին, առաւօտեան «Վատիկան Նիւզ»էն ուղիղ եթերով սփռուած Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագը մատուցեց տարեցներու դիտաւորութեան, «որոնք «Քորոնա» ժահրի պատճառաւ մեկուսացուած են իրենց  բնակարաններէն ներս՝ հեռու իրենց սիրելիներէն » ըսաւ  նորին Սրբութիւնը ապա այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ հրաւիրեց ամբողջ սիրտով գիտնալ ներել:  

Ունկնդրէ լուրը

«Աղօթենք, որպէսզի Տէրը նեցուկ կանգնի մեր մամիկներուն, հայրիկներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր տարեցներուn շնորհելով անոնց ուժ ու զօրութիւն:  Տարեցները մեզի իմաստութիւն, կեանք եւ պատմութիւն փոխանցեցին: Մենք ալ մեր կարգին նեցուկ գտնուինք՝ աղօթքով:» ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզին սկիզբը:

Ան ապա Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր խօսուի - սուրբ Պետրոս Յիսուսի հարց կու տայ, թէ քանի անգամ պէտք է ներել- Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ Աստուծոյ փափաքն է, որ բոլորս վեհանձն գտնուինք սիրտով ներելու մէջ նկատել տալով, որ դիւրին չէ ներելը, որովհետեւ մեր սիրտը միշտ կառչած է ատելութեան, վրէժխնդրութեան եւ դժգոհութիւններուն եւ այս բոլորին պատճառը հանդիսացողը սատանան է, որ ամէն ինչ կը քանդէ՝ մեկնելով փոքրիկ բաներէն հասնելով մինչեւ Աստուծոյ,  որ աշխարհ եկաւ ներելու եւ ոչ թէ դատապարտելու համար: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ երբ՝ Աստուած կը ներէ, Ան կը մոռնայ մեր կատարած բոլոր չարիքները, խնդրելով մեզմէ, որ մենք եւս նոյնը կատարենք՝ սրտանց ներելով:

 «Սատանային հարստութիւնը կը կայանայ չներել խրախուսելու մէջ: Ներումը երկինք մտնելու պայմանն է:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա եզրափակեց քարոզը հայցելով Տիրոջմէ, որ մեզի ուսուցանէ ներումի իմաստութիւնը,  ինչ որ դիւրին չէ:  Ներում խնդրելը համազօր է ներելու: Ներենք՝  մեր շահագրգռութիւններուն համար  որովհետեւ երբ չներենք, ներում պիտի չստանանք ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2020, 09:07
Կարդալ բոլորը >