Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Թող Աստուած օգնէ վերագտնելու հարազատ սէրն ու գուրգուրանքի զգացումները այս դժուար պահուն»։

Արհամարհանքը հպարտներու, ամբարտաւաններուն կեցուածքն է, որոնք կ՝ապրին լոկ այն խաբկանքով թէ իրենք աւելի մեծ են քան ինչ որ են։

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան

Երկուշաբթի, 16 մարտին,առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատուռէն ներս, ֆրանչիսկոս Պապ շարունակեց Սուրբ Պատարագ մատուցել պսակաւոր ժահրէ վարակուած հիւանդներուն համար։Համաճարակի տարածման կանխելու հետեւանքով Նորին Սրբութիւնը ուղիղ եթերով սփռուած պատարագով կը շարունակէ իր մօտիկութիւնը ցուցաբերել հիւանդներուն, ընտանիքներուն եւ համայն աշխարհի հաւատացեալներուն։

Ունկնդրէ լուռը

«Շարունակենք աղօթել հիւանդներուն համար։ Կը մտածեմ ընտանիքներուն, տուներուն մէջ փակուած՝ դպրոցէ զրկուած մանուկներուն մասին, որոնցմէ շատեր մեկուսացուած վիճակի մէջ են։ Թող Տէրը օգնէ նոր ձեւեր բացայայտելու, սիրոյ արտայայտութեան, համակեցութեան նոր ձեւեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ սա առիթ է հարազատ սէրը բացայայտելու ՝ընտանիքներէն ներս, ստեղծագործական հոգիով։

Նորին Սրբութիւնը ապա օրուան քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ «ամէնքը կ՝ըսէին Ասիկա Յովսէփին որդին չէ՞» (Ղուկ 4,24-30) խօսքը կեդրոնացուց ժողովուրդին Յիսուսի նկատմամբ ունեցած արհամարհանքի վրայ, արհամարհանք, որ բռնութեան պատճառ  դարձաւ,  ըսաւ Ան աւելցնելով այդ Յիսուսը, որուն խօսքերուն վրայ ժողովուրդը կը հիանար դուրս վտարուեցաւ, լերան գագաթէն վար գլորելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ Յիսուսի նկատմամբ Ժողովուրդի արհամարհանքի կեցուածքին մէջ առկայ է այն մտածումը, թէ Ատուած կը յայտնուի լոկ արտակարգ արարքներուն ներքոյ, եւ ոչ թէ կեանքի հասարակ իրողութիւններու մէջ ինչպէս ընտանիքին, աշխատավայրի ու պարզ աղօթքի մէջ, Համեստ եւ պարզ իրողութիւններու մէջ։ Ան ընդգծեց թէ աշխարհի հոգին է, որ մեզ կը մղէ սնապարծութեան՝ բռնութեան առաջնորդող իրողութիւններու։Արհամարհանքը հպարտներու, ամբարտաւաններու կեցուածք է, որոնք կ՝ապրին լոկ այն խաբկանքով, թէ իրենք աւելի մեծ են քան ինչ որ են։

Քահանայապետը դիտել տուաւ,որ  Փարիսեցիներուն գայթակղութիւնը  կրնայ պատահիլ նաեւ մեր հետ։ Գայթակղիլ Աստուծոյ պարզ եւ համեստ գործերէն ըսելով որ դա Աստուած չէ։ Մեր Աստուածը իմաստուն եւ շատ աւելի հեղինակաւոր Աստուած է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը ըսելով արհամարհանքն է, որ կը տանի դէպի բռնութիւն, ֆիզիքական, շատախօսութեան բռնութիւն, շատախօսութիւն, որ կը սպանէ ֆիզիքական սպանութեան նման։ Ան Հրաւիրեց մտածել այսօրուան աւետարանին մէջ գրուած ժողովուրդի Յիսուսի նկատմամբ ունեցած արհամարհանքի մասին նշելով, որ ժողովուրդը Յիսուսը արհամարհեց, որովհետեւ անկարող էր հասկնալու մեր Աստուծոյ պարզութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2020, 10:21
Կարդալ բոլորը >