Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«աղօթենք իշխանութիւններուն համար եւ չմոռնանք աղքատները»:

ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց անտարբեր չմնալ մարդոց ողբերգութիւններուն դիմաց, յատուկէն անօթութենէ տառապող, պատերազմներէ փախուստ տուող մանուկներուն ողբերգութիւններու դիմաց:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 12 մարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Պատարագին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք պատասխանատուութիւն ունին որոշումներ առնելու  Քորոնա Ժահրի կանխարգիլման ի խնդիր:

«Համաճարակի այս պահուն շարունակենք աղօթել հիւանդներուն, ընտանիքներուն համար, յատուկէն պիտի ուզէի, որ աղօթէք իշխանութիւններուն համար, որոնք  շատ անգամ, ժողովուրդի կողմէ չի սիրուած միջոցներուն կը դիմեն՝ ընդհանուր բարիքի համար: Աղօթենք մեր կառավարիչներուն համար, որպէսզի անոնք աղօթքի միջոցաւ մեր նեցուկը զգան» ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի աղքատ Ղազարոսի եւ հարուստ մարդուն մասին,  ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց անտարբեր չմնալ մարդոց ողբերգութիւններուն դիմաց, յատուկէն անօթութենէ տառապող, պատերազմներէ փախուստ տուող մանուկներուն ողբերգութիւններու դիմաց: Ըսաւ Ան:

Ակնարկելով  Աւետարանի հարուստ մարդուն աղքատ Ղազարոսի նկատմամբ ունեցած անտարբերութեան, Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ որ հարուստ մարդուն անունը ոչ իսկ յիշուած է Աւետարանին մէջ: Հարուստ մարդը կորսնցուցած է իր անունը, ան ունէր միայն իր կեանքի ածականները՝ հարուստ , զօրեղ շատ մը ածականներ: Սա է, որ մեզ եսասիրութեան կը մղէ, կորուստի կը մատնէ մեր իսկական ինքնութիւնը եւ   մեզ կը մղէ լոկ ածականներուն գնահատանք կատարել: Այս գործընթացէն ներս  աշխարհիկութիւնն է, որ մեզ շատ կ՝օգնէ հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ բոլորս ենթարկուած ենք ածականներուն մշակոյթին, ուր արժէք ունին լոկ մեր կարողութիւնն ու ստացուածքը, սակայն կարեւոր չէ թէ ինչ անուն կը կրենք,  այս բոլորը մեզ անտարբերութեան առաջնորդող քայլերն են:

Խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեզի շնորհէ անտաբերութեան մէջ չ՝իյնալու շնորհքը, որպէսզի, մարդկային ցաւերու մասին մեր ունեցած տեղեկութիւնները մեր սիրտերուն դպչին ու մեզ մղեն բան մը կատարելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2020, 10:43
Կարդալ բոլորը >