Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Թող որ այս կիրակին մեզի բոլորիս համար ըլլայ լացի կիրակի». Քահանայապետին աղօթքը լացի մէջ գտնուող մարդոց համար։

Այսօր ի տես աշխարհի մը որ կը տառապի, ի տես բազմաթիւ մարդոց որոնք կը տառապին այս համաճարակի հետեւանքներուն համար, ես ինծի հարց տամ. Կարո՞ղ եմ լալ, Յիսուսին նման։ Շատեր այսօր կու լան։ Հայցենք լալու շնորհքը։ Թող որ այս կիրակին մեզի բոլորիս համար ըլլայ լացի կիրակի։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կը մտաբերեմ բազմաթիւ մարդիկ։ Մեկուսացած մարդիկ. Միակ տարեցներ. հիւանդանոցի մէջ մարդիկ եւ խիստ խնամքի տակ գտնուող մարդիկ ու նաեւ այն ծնողները, որոնք տեսնելով որ դրամը կը պակսի, մտահոգ են թէ ինչպէս կերակրել իրենց զաւակները։ Բազմաթիւ մարդիկ արտասուքի մէջ են։ Մենք եւս սրտով կ՛ընկերանանք անոնց։ Լաւ պիտի ըլլար մեզի համար եւս լալ, Տիրոջ՝ իր համայն ժողովրդին համար լացին հետ միասին»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ՝ կիրակի 29 մարտ 2020ի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռէն մատուցած պատարագին, զոր կը շարունակուի ուղիղ եթերով սփռուիլ Վատիկան Նիուզի կայքի  միջոցաւ եւ ամէն օր կը նուիրուի քորոնաժահրի համաճարակէն տառապող մարդկութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհի ընթացքին Քահանայապետին ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացաւ օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ ուր Յովհաննէս Աւետարանիչը (Յովհ. 11, 1-45) կը ներկայացնէ Ղազարոսի Յարութեան դէպքը  եւ Յիսուսին ողբն ու լացը իր սիրելի բարեկամին համար։

Քարոզը

Մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը Քահանայապետը նշեց թէ Յիսուս ունէր բազմաթիւ բարեկամներ ու անոնցմէ ոմանց հետ ունէր յատուկ բարեկամութիւն, մտերմութիւն, աւելի սէր… Ան շատ անգամ այցելած էր Ղազարոսի, Մարթայի եւ Մարիամի տունը…Եւ Յիսուս այսօրուայ աւետարանին մէջ խորապէս կը զգայ իր բարեկամին հիւանդութեան ու մահուան համար ցաւը։ Երբ կը հասնի գերեզման՝ Յիսուս կու լայ։ Յիսուս որ Աստուած է սակայն նաեւ մարդ՝ լացաւ։ 

«Յիսուս կու լայ ի սրտէ, կու լայ սիրով, կու լայ իրենիններուն հետ որոնք կու լան։ Յիսուս կու լայ սիրոյ համար» ըսաւ Քահանայապետը։

Աւետարանը կը գրէ որ «Յիսուս հոգեւին դողաց եւ խռովեցաւ»։ Յիսուսին գութը շարժեցաւ ինչպէս բազմիցս պատահած է Աւետարանին մէջ։  Յիսուս կարող չէ մարդիկը տեսնել առանց որ Անոր գութը շարժի։ Անոր աչքերը կապուած են սրտին։ Յիսուս աչքով եւ սրտով կը տեսնէ եւ կարող է նաեւ լալ։

Այսօր ի տես աշխարհի մը որ կը տառապի, ի տես բազմաթիւ մարդոց որոնք կը տառապին այս համաճարակի հետեւանքներուն համար, ես ինծի հարց կու տամ. Կարո՞ղ եմ լալ, ինչպէս վստահաբար պիտի ընէր Յիսուս ու այս պահուս ալ կ՛ընէ։ Իմ սիրտս նմա՞ն է Յիսուսի սրտին։ Եւ կամ կարծր է ու կարողութիւնը չունի լալու։

Հայցենք այս շնորհքը Տիրոջմէն. Տէր ըրէ որ ես ալ լամ քու ժողովուրդիդ հետ միասին, այս տառապանքի պահուն։ Շատեր այսօր կ՛ողբան  ու մենք եւս այս խորանէն, Յիսուսի այս զոհաբերումէն, Յիսուս որ չի ամչցաւ լացէն, հայցենք լալու շնորհքը։ Թող որ այս կիրակին մեզի բոլորիս համար ըլլայ լացի կիրակի։

Սուրբ Զոհի աւարտին, ինչպէս ամէն օր, Սրբազան Քահանայապետը կատարեց Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւնն ու օրհնութիւնը հրաւէր ուղղելով նաեւ հաւատացեալներուն, որոնք անկարող են մօտենալու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին, հետեւեալ աղօթքով կատարելու Հոգեւոր Հաղորդութիւնը։ 

«Յիսուս իմ, կը հաւատամ, որ իսկապէս ներկայ ես տապանակի Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։ Քեզ կը սիրեմ ամէն բանէ աւելի եւ քեզ կը փափաքիմ իմ սրտիս մէջ։ Քանի որ այժմ չեմ կրնար ընդունիլ  Սուրբ Հաղորդութիւնը, խնդրեմ՝ առ նուազն հոգեպէս եկուր իմ սիրտիս մէջ։ Քեզ կ՛ ողջագուրեմ եւ ամբողջութեամբ կը միանամ քեզի, կարծես թէ եկած ըլլայիր սրտիս մէջ։ Երբեք թոյլ մի տար, որ ես քեզմէ բաժնուիմ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2020, 07:55
Կարդալ բոլորը >