Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը աղօթեց քորոնա ժահրին դիմաց վախի եւ անշարժութեան մէջ գտնուողներուն համար։

Տէր հովուեսցէ զիս. և ինձ ինչ ո՛չ պակասեսցի... Թէպէտ և գնացից ես ի մէջ ստուերաց մահու, ո՛չ երկեայց ի չարէ, զի դու, Տէր, ընդ իս ես։
Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը

Վատիկան Նիուզ

Երկուշաբթի 30 մարտի առաւօտեան 7-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագը նուիրեց՝ անոնց որոնք վախի եւ անշարժութեան մատնուած են քորոնա ժահրին դիմաց, Տիրոջմէն հայցելով որ օգնէ անոնց որպէսզի կարողանան արձագանգել ու հակազդել այդ վախին։

Ունկդրէ լուրը

«Այսօր աղօթենք այն բազմաթիւ մարդոց համար, որոնք կարող չեն հակազդելու, ու համաճարակի դիմաց կ՛ապրին մեծ վախի մէջ։ Տէրը օգնէ անոնց որ վերականգնեն ու հակազդեն վախին, համայն ընկերութեան բարիքին համար, համայն հասարակութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով Սուրբ Զոհին, որուն առթիւ արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, քաղուած Դանիէլ Մարգարէի գիրքէն (Դանիէլ 13, 1-9. 15-17. 19-30. 33-62) եւ Յովհաննէսի Աւետարանէն (Յովհ 8, 1-11), ուր կը խօսուի երկու կիներու մասին՝ մին Սուզաննա անունով անմեղ կին մը եւ միւսը շնացող կին, որ  մի քանի մարդիկ կ՛ուզէին մահուան դատապարտել։

Քարոզը

Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տուաւ թէ  առաջին պարագային մէջ դատավճիռ արձակողները կաշառակեր դատաւորներն էին ու երկրորդ պարագային մէջ կեղծաւոր մարդիկ։

Աստուած կը միջամտէ ու անոնց արդարութիւն կը շնորհէ առաջին կինը կ՛ազատէ կաշառակերներէն որոնք կը դատապարտուին, ապա շնացող կնոջ ներում կը շնորհէ։

«Աստուծոյ Արդարութիւնն ու ողորմութիւնը լաւապէս ներկայացուած են այսօրուայ ժամամուտին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը. «Տէր հովուեսցէ զիս. և ինձ ինչ ո՛չ պակասեսցի... Թէպէտ և գնացից ես ի մէջ ստուերաց մահու, ո՛չ երկեայց ի չարէ, զի դու, Տէր, ընդ իս ես»:

Նորին Սրբութիւնը  ապա նկատել տուաւ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ պատմութիւններն ու մեղքերը։ Իւրաքանչիւր անձ պէտք է յիշէ իր մեղքերը, չյիշելու պարագային հարկ է փնտռել զանոնք եւ պիտի տեսնէ թէ ունի գործած է բազմաթիւ մեղքեր։

Ան յորդորեց Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել՝ մեր մեղքերը բացայայտելուն համար, դիտել տալով որ այն պարագային երբ չենք անդրադառնար մեր մեղքերուն կաշառակերներ կը դառնանք, աւելցնելով որ իւրաքանչիւր անձ ունի իր  յատուկ մեղքերը։  Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ողորմած Յիսուսին սեւեռել,  որովհետեւ Յիսուս արդարութիւն կը գործէ ։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց նաեւ, որ պէտք  չէ ամչնալ եկեղեցւոյ մաս կազմելնուս համար,  այլ պէտք է ամչնալ որովհետեւ մեղաւորներ ենք։«  Իւրաքանչիւր հաւատացեալ տեսնելով Յիսուսի կատարած գործերը,  լիուի Աստուծոյ պիտի վստահի ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ան ապա խրախուսեց աղօթել եւ ներում հայցել՝վստահելովԱստուծոյ ողորմածութեան։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութենէն ետք ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց հետեւեալ աղօթքը.

«Ով Յիսուս ոտքերուդ առջեւ կը խոնարհիմ եւ քեզի կը նուիրեմ իր կարծրացած սրտիս զղջումը, այն սիրտս որ խորասուզուած է իր ոչնչութեան մէջ՝ քու Սուրբ Ներկայութեան առջեւ։Սուրբ Հաղորդութեան՝ սիրոյ խորհուրդին առջեւ քեզի կ՝երկրպագեմ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2020, 08:02
Կարդալ բոլորը >