Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց այս դժուար ժամանակներուն վախը յաղթահարելու համար:

Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին Քահանայապետը մտաբերեց տարեցները.անկայուն աշխատանք ունեցողները ու անոնք որոնք ընկերային ծառայութիւններ կը մատուցեն ու ենթարկուած են քորոնա ժահրի վարակումին։

Վատիկան Նիուզ

Հինգշաբթի 26 մարտ 2020 ի առաւօտեան 7-ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագին սկիզբը, որ կը շարունակուի ուղիղ եթերով սփռուիլ Վատիկան Նիուզ կայքէջի ու այլ հեռուստահաղորդումներու միջոցաւ, Սրբազան Քահանայապետը աղօթեց որպէսզի Տէրը մեզ օգնէ յաղթելու համար վախը, այս դժուար ժամանակներու ընթացքին որ յատկանշուած է Քովիտ 19 համաճարակով։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս օրերուն ուր կայ մեծ տառապանք, կայ մեծ վախ։ Տարեցներուն վախը որ միայնակ են, հանգստեան տուներուն, հիւանդանոցներուն մէջ ու նաեւ իրենց բնակարաններուն մէջ, եւ չեն գիտէր ինչ կարող է պատահիլ։ Անկայուն աշխատանք ունեցողներուն  վախը,  որոնք մտահոգուած են ինչպէս կերակրել իրենց զաւակները ու անօթութեան սպառնալիքը կը տեսնեն։ Վախը այն բազմաթիւ ընկերային ծառայութիւն մատուցողներուն, որոնք այս ընթացքին իրենց գործունէութեամբ կ՛օժանդակեն յառաջ տանելու ընկերութիւնը ու կարող են վարակուիլ հիւանդութիւնէն։ Ու նաեւ վախը, վախերը մեզմէ իւրաքանչիւրիս. Ամէն մին գիտէ որն է իր վախը։ «Աղօթենք Տիրոջ որպէսզի մեզ օգնէ վստահութիւն ունենալու ու թոյլ տայ որ յաղթահարենք վախը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ ապա Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրեց վերագտնել մեր սրտին  կուռքերը որոնք յաճախ թաքուն են, հաստատելով՝ որ կռապաշտութիւնը մեզի կորսնցնել կու տայ Տիրոջ բոլոր բարի  Պարգեւները»։ 

Քարոզը

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած ելից գիրքէն (Ելից 32,7-14) ուր գրուած է « Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, իջի՛ր. վասն զի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի։ Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագութիւն ըրին», Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ կռապաշտութեան մասին, սիրտի կուռքերու, յաճախ մեր մէջ թաքնուած կուռքերու մասին, ընդգծելով որ կռապաշտութիւնը մեզմէ կը խլէ տիրոջ պարգեւները  եւ մեզ կ՝առաջնորդէ սխալ կրօնականութեան մը։

Նորին Սրբութիւն  յորդորեց  խղճի քննութիւն կատարել մենք մեզի հարց տալով, թէ ո՞րն է  մեր մէջ թաքնուած կուռքերը, որոնք մեզ կենդանի Աստուծմէ  կը հեռացնեն։

Ան ապա նկատել տուաւ, որ շատ անգամ աշխարհիկութիւնն ալ մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի կռապաշտութիւն։

Ֆրանչիսկոս  Պապ օրինակ բերաւ ամուսնութեան սուրբ պսակի արարողութիւնը, որ յաճախ դարձած է շքեղ հագուստներուն, զարդարանքներուն ցուցադրութիւնը, դադրելով հոգեպարար եւ խորհրդաւոր  արարողութիւն ըլլալէ։

Նորին Սրբութիւնը  քարոզը եզրափակեց խնդրելով Տիրոջմէ որ բոլորիս շնորհէ մեր կուռքերը ճանչնալու շնորհքը։

Ան ապա Սուրբ Զոհի աւարտին կատարեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնն ու օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2020, 08:04
Կարդալ բոլորը >