Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Կ՛աղօթեմ Քորոնա Ժահրի հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները Հոգեւոր Հաղորդութեամբ մասնակից դառնալու Յիսուսի Մարմնի ճաշակումին, ապա կատարեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 9 մարտէն սկսեալ Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայի սուրբ պատարագները, Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով, կը հեռարձակուին ուղիղ եթերով, որպէս մօտիկութեան նշան բոլոր հաւատացեալներուն որոնք Քորոնա Ժահրի պատճառաւ ստիպուած են փակ մնալ իրենց տուներուն մէջ ու կարելիութիւն չունին մասնակցելու սուրբ պատարագի զոհին։

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 22 մարտ 2020ի առաւօտեան պատարագը եւս հեռարձակուեցաւ ուղիղ եթերով  զոր Սրբազան Պապը նուիրեց Քորոնա ժահրի զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն։

«Այս օրերուն կը լսենք բազմաթիւ մեռելաներու լուրերը. մարդիկ, կիներ, որոնք մինակ կը մահանան, առանց կարելիութիւն ունենալու հրաժեշտ առնել իրենց սիրելիներէն։ Մտածենք անոնց ու աղօթենք անոնց համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու «նաեւ մտածենք եւ աղօթենք անոնց ընտանիքներուն համար, որոնք այդ վերջին պահուն, կարելիութիւնը չունին ընկերանալու իրենց սիրելիներուն»։

«Մեր յատուկ աղօթքը նուիրուած է ննջեցեալներուն ու անոնք ընտանիքներուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով սուրբ պատարագի արարողութեան, որուն ընթացքին արտասանած Քարոզը կեդրոնացուց Յովհաննէսի Աւետարանի իններորդ գլուխէն քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ, ուր կը պատմուի  Յիսուսին կողմէն բժշկուած ի ծնէ կոյրին դրուագը։

Քարոզը

«Յովհաննէսի Աւետարանի այս հատուածը ինքնին խօսուն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին սկիզբը, նշելով որ իր սրտին կը դպչի  Սուրբ Օգոստինոսի մէկ խօսքը. «Ես վախ ունիմ Քրիստոսէն երբ կ՛անցնի։ Վախ ունիմ որ չ՛անդրադառնամ թէ ինքն է Քրիստոսը ու թոյլ տամ որ անցնի հեռանայ»։

Յիսուսի ներկայութեամբ սրտին զգացումները կը ծաղկին, դուրս կու գան իսկական վերաբերմունքները։ Այս մէկը շնորհք մըն է եւ ասոր համար է որ Սուրբ Օգոստինոսը վախ ունէր՝ որ Քրիստոսը անցնի հեռանայ, առանց որ ինք անդրադառնայ։

Աւետարանին մէջ յստակ է այս մէկը։ Յիսուս կ՛անցնի կը բժշկէ կոյրը ու գայթակղութիւնը կը ծագի։ Ապա ի յայտ կու գայ մարդոց բարին ու վատը։ Կոյրը կը զարմացնէ իր իմաստուն խօսքերով։ Մինչ օրէնքի վարդապետները չեն անդրադառնար թէ Աստուած էր որ կ՛անցնէր այնտեղէն, որովհետեւ կարծր սիրտ ունէին ու կառչած էին սովորութիւններուն ու օրէնքին։ «Եւ եթէ այդ սովորութիւններուն հիման վրայ անարդարութիւն պիտի կատարէին,  հարց չունէին, որովհետեւ սովորութիւնները կ՛ըսէին թէ այդ մէկը արդարութիւն է», ըսաւ Սրբազան Պապը, հաստատելով՝ որ «այդ փակումի զգացումները զանոնք կը մղեր անարդարութեան»։  

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց  օրուան ընթացքին լաւապէս կարդալ աւետարանական վերոնշեալ հատուածը. «Մէկ, երկու, երեք անգամ հասկնալու համար թէ ի՞նչ կը պատահի երբ Յիսուսը կ՛անցնի եւ ըմբռնելու Սուրբ Օգոստինոսի վախը» ըսաւ Ան։ 

Մինչ Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները Հոգեւոր Հաղորդութեամբ մասնակից դառնալու Յիսուսի Մարմնի ճաշակումին,  ապա կատարեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2020, 08:10
Կարդալ բոլորը >