Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (AFP or licensors)

Քահանայապետը 18 մարտի պատարագը նուիրեց բանտարկեալներուն։

«Այսօր աղօթենք մեր բանտարկեալ եղբայր ու քոյրերուն համար։ Անոնք մեծապէս կը տառապին, բանտին մէջ անորոշութեան իրավիճակին ի տես ու նաեւ, մտածելով իրենց ընտանիքներուն, թէ ի՞նչ կացութեան մէջ են, թէ եթէ մէկը հիւանդ, է կամ եթէ բան մը կը պակսի անոնց։ Այսօր մենք Մօտիկ ենք բանտարկեալներուն, որոնք այս անորոշութեան ու ցաւի պահուն կը տառապին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 19 Մարտ 2020ին Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնը։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան 7-ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց սուրբ պատարագ, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ Վատիկան Նիուզի կայքի միջոցաւ (vaticannews.va), ինչպէս կը պատահի  մի քանի օրերէն ի վեր՝ ի տես Քորոնա Ժահրի տարածման կանխարգիլումին ուղիով առնուած որոշումներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատարագին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ Սուրբ Զոհը կը մատուցէ բանտարկեալներուն դիտաւորութեան։ 

«Այսօր աղօթենք մեր բանտարկեալ եղբայր ու քոյրերուն համար։ Անոնք մեծապէս կը տառապին, բանտին մէջ  անորոշութեան իրավիճակին ի տես ու նաեւ, մտածելով իրենց ընտանիքներուն, թէ ի՞նչ կացութեան մէջ են, թէ եթէ մէկը հիւանդ, է կամ եթէ բան մը կը պակսի անոնց։ Այսօր մենք Մօտիկ ենք բանտարկեալներուն, որոնք այս անորոշութեան ու ցաւի պահուն կը տառապին», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու սկիզբ տուաւ սուրբ պատարագին, որուն ընթացքին Աւետարանական ընթերցումէն ետք ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը՝ զոր կեդրոնացուց Սուրբ Յովսէփի տիպարին վրայ, որուն մասին կը խօսէր Աւետարանը (Մատթ. 1, 16-24)

Քարոզը

Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ որ Յովսէփ արդար մարդ էր, այսինքն հաւատքի մարդ, որ իրապէս կ՛ապրէր հաւատքը։ Ան մաս կը կազմէ այն մարդոց որոնք հաւատքը ապրեցան որպէս արմատ յոյսին ու երաշխիք ան բաներուն որ անտեսանելի են։ Ան ոչ միայն կը հաւտար այեւ լիապէս կ՛ապրէր հաւատքը.Արդար մարդ էր։

Սուրբ Յովսէփը՝ արդար ու հաւատքի մարդ։

Յովսէփ արդար ու հաւատքի մարդ ընտրուեցաւ կրթելու համար  մարդ մը որ իրապէս մարդ էր ու նաեւ  Աստուած էր։ Մարդ – Աստուած մը հարկաւոր էր որպէսզի այնպիսի մարդու մը կրթութիւն տար ու Տէրը ընտրեց «արդար» մը, հաւատքի մարդ մը։ Մարդ որ կարող էր ապրիլ որպէս մարդ ու կարող էր նաեւ խօսիլ Աստուծոյ  հետ, ներթափանցել Աստուծոյ Խորհուրդին մէջ։ 

Այս եղաւ Սուրբ Յովսէփին կեանքը։ Ան երազկոտ մարդ չէր։ Գիտէր մուտք գործել խորհուրդին մէջ։ Ան որ կարող էր նոյնիսկ տախտակի մը բարակ անկիւն մը ճշգրիտ կերպով տաշել, կարող էր նաեւ, նոյն ձեւով ու միեւնոյն նուիրուածութեամբ,  ներթափանցել Աստուծոյ խորհուրդին մէջ որ կարող չէր ստուգել»   յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ այս է Սուրբ Յովսէփին սրբութիւնը՝ յառաջ տանիլ իր կեանքը, իր արհեստը արդարութեամբ ու արհեստավարժութեամբ ու միեւնոյն ատեն մուտք գործել խորհուրդին մէջ։

Եկեղեցին եւս հետւելու է Սուրբ Յովսէփի օրինակին։

Ան ապա աւելցուց, որ այսօր այս տօնին առթիւ, իր մտածումը կ՛երթայ Եկեղեցւոյ, «հաւատացեալներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն, քահանայապետերուն... արդեօ՞ք կարող ենք մուտք գործել խորհուրդին մէջ, կամ կարիքը ունինք սահմանափակուելու կանոններու ներքոյ, որոնք մեզ կը պաշտպանեն այն բաներէն զոր չենք կարող ղեկավարել:

Երբ եկեղեցին կը կորսնցնէ կարողութիւնը մուտք գործելու խորհուրդին մէջ կը կորսնցնէ երկրպագելու, պաշտելու կարողութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցել շնորհքը՝ որպէսի եկեղեցին կարողանայ ապրիլ առօրեայի ճշգրտութեան  մէջ պաշտամունքի ու նաեւ խորհուրդի գործնականութեան մէջ։ Եթէ ան  չի կարողանայ կատարել այս մէկը պիտի դառնայ կիսատ Եկեղեցի, բարեսիրական ընկերակցութիւն մը, առանց պաշտամունքի իմաստին։

«Մուտք գործել Խորհուրդին մէջ կը նշանակէ երկրպագել՝ պաշտել։ Մուտք գործել խորհուրդին մէջ կը նշանակէ այսօր իսկ կատարել այն ինչ որ պիտի կատարենք ապագային, երբ Աստուծոյ առջեւ պիտի գտնուինք. պաշտել»,  ըսաւ Քահանայապետը դարձեալ հայցելով որ  Տէրը եկեղեցւոյ պարգեւէ այդ շնորհքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2020, 07:41
Կարդալ բոլորը >