Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«նաեւ եկեղեցւոյ մէջ չկայ խոնարհութիւն առանց նուաստացումի»:

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 փետրուարին քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 7 փետրուարին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը յորդորեց հետեւիլ Յիսուսի եւ Սուրբ Յովհաննէսի  ցոյց տուած ուղիին: Ան ապա հոգեւոր հովիւներուն յանձնարարեց չ՝իյնալու աշխարհիկութեան եւ պատիւներու ձգտելու՝ մագլցումի փորձութեան մէջ: Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց երբեք չվախնալ նուաստացումի, խոնարհեցումի արարքներէն, ընդհակառակը յորդորեց, որ Յիսուսէն խնդրենք, որ մէկ մը ուղարկէ՝ մեզ խոնարհեցնելու եւ նուաստացնելու՝  Յիսուսին լաւապէս նմանելու համար:

Ունկնդրէ լուրը

Այս եղաւ ֆրանչիսկոս Պապին հայրական յորդորը, այսօր՝ Տոմուս Սանթա մատրան մէջ ներկայացուցած քարոզին ընթացքին:

Ան այս խօսքերը արտասանեց թելադրուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն, ուր կը խօսուի սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին մասին:

Ֆրանչիսկոս Պապ  յիշեց, որ  Սուրբ Յովհաննէսը, վերջին մարգարէներէն մին եղաւ եւ որ շնորհքը ունեցաւ ըսելու «սա է Մեսիան»:

Շարունակելով խօսիլ Յովհաննէս Մարգարէին մասին, Սրբազան Հայրը նշեց, թէ  Սուրբ Յովհաննէսի գործը չեղաւ՝ Յիսուսի գալուստի մասին քարոզելը,  այլ անոր գործը եղաւ, վկայութիւն տալ Յարուցեալ Յիսուսին եւ զայն տալ իր կեանքով: Սուրբ Յովհաննէս վկայութիւն տուաւ Աստուծոյ՝ մեր փրկութեան համար ընտրած ուղիին, որ է հեզութեան ուղին : ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ ըլլայ Յիսուս,  ըլլայ Յովհաննէս Մկրտիչը, երկուքն ալ սնապարծութեան եւ  հպարտութեան փորձութեան ենթարկուեցան.  Յիսուս անապատին մէջ ստանային հետ,  մինչ՝ Յովհաննէս Մկրտիչը օրէնսգէտներուն հետ՝ երբ հարցուցին, եթէ ինք Մեսիան ըլլար:

Երկուքը՝ Յիսուս եւ Յովհաննէսը ժողովուրդին դիմաց մեծ իշխանութիւն ունեցան: Անոնց քարոզութիւնը մեծ  հեղինակութիւն դարձաւ:  Սակայն  երկուքն, ալ վերջ գտան խոնարհ եւ նուաստացումի արաքներով. Յիսուս խաչին վրայ, աւազակներուն ձեռքով՛ իսկ Յովհաննէս գլխատուեցաւ բանտի մէջ ՝շփացած  թագաւորի ձեռքով:

Մեծ մարգարէն, եւ կինէ մը  ծնած մեծ մարդը՝ Յիսուս հեզութեան ուղին ընտրեցին: Այս է ուղին,  որ անոնք մեզի ցոյց կու տան եւ մենք քրիստոնեաներս պէտք հետեւիլ այդ խոնարհութեան ուղիին:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը ըսելով, երբ՝ եկեղեցւոյ, հասարակութեան մէջ կը փորձենք մենք մեզ տեսնել եւ մեր բարձր պաշտօնի բերումով ցոյց կու տանք, որ կարեւոր անձնաւորութիւն մը ենք5  այս մէկը աշխահիկութեան ուղին է եւ դա Յիսուսի ուղին չէ: Այս կը պատահի նաեւ հոգեւոր հովիւներուն հետ: Երբ հոգեւոր հովիւ մը այդ ուղիին կը հետեւի, այն ժամանակ կը դադրի Յիսուսի առաքեալը ըլլալէ:Չկայ խոնարհութիւն առանց նուաստացումի: ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2020, 11:30
Կարդալ բոլորը >