Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Երբ Աստուծմէ կը հեռանանք, յիշենք որ Ան մեզի համար կ՝արտասուէ:»

Դաւիթի լացը, արտասուքը պատմական իրողութիւն է, որ է նաեւ մարգարէութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 4 փետրուարին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ հայրական սիրոյն վրայ շեշտելով, որ Աստուած Հայր է եւ երբեք իր հայրութիւնը չի ժխտեր:

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Թագաւորաց Բ գիրքէն, ուր կը խօսուի Դաւիթին մասին, որ իմանալով  իր զաւկին՝ Աբիսողոմին մահը՝ կ՝արտասուէ ըսելով երանի, թէ անոր տեղ ես մեռնէի:  

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Դաւիթի այդ լացը, արտասուքը պատմական իրողութիւն է,  որ նաեւ մարգարէութիւն աւելցնելով, թէ Դաւիթի լացը մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ սիրտը, մեզի ցոյց կու տայ, թէ Տէրը ինչ կը կատարէ երբ՝ մենք Աստուծմէ կը հեռանանք, երբ մեղքի  եւ ինքնաքայքայումի կ՝ենթարկուինք:  Տէրը,  Հայր է ու  երբեք  Իր հայրութիւնը չի ժխտեր ,ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ : Ան ապա շարունակելով ակնարկել Դաւիթի լացին դիտել տուաւ, որ մենք եւս կը հանդիպինք Աստուծոյ այդ լացին երբ՝ խոստովանքին կ՝երթանք՝ մեր մեղքերը խոստովանելու համար: Աստուած մեզի համար կ՝արտասուէ:Անոր հայրական սէրը այնքան մեծ է, որ  խաչին վրայ մեր տեղը զոհուեցաւ:

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, մեր կեանքի խաւար պահերուն, երբ կը  հեռանամք Աստուծոմէ մտաբերենք ու լսենք  այս խօսքը  «զաւակս ի՞նչ կ՝ընես, անձնապան մի ըլլար, որովհետեւ ես քու տեղդ մեռայ»:  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2020, 12:05
Կարդալ բոլորը >