Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

«Քրիստոնեան այն անձն է որ Յիսուսին նման կ՛ընդունի նուաստացումի ուղին՝ մինչեւ Խաչ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Երբ քրիստոնեաները, Քահանաներն ու եպիսկոպոսները ու նոյնինքն քահանայապետերը չեն հետեւիր այդ ճանապարհին, անոնք սխալ կը գործեն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 փետրուար 2020-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, ընդգծեց թէ Քրիստոնեան այն անձն է որ կ՛ընդունի ճանապարհը որուն վրայ քալեց Յիսուս մեր փրկութեան համար, այսինքն նուաստացումի ճանապարհը։ Եւ երբ քրիստոնեաները, Քահանաներն ու եպիսկոպոսները ու նոյնինքն քահանայապետերը չեն հետեւիր այդ ճանապարհին, անոնք սխալ կը գործեն։

Ունկնդրէ լուրը

Մարդիկ ո՞վ կ՛ըսեն թէ ես ըլլամ։ Դուք ի՞նչ կը մտածէք իմ մասին։ Հարցումներ՝ որ  Յիսուս կ՛ուղղէ իր աշակերտներուն եւ որոնք պարունակուած են այսօրուայ աւետարանական հատուածին մէջ, որուն հիման վրայ Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը։

«Աւետարանը արդարեւ ցոյց կու տայ՝ հանգրուանները հասկնալու թէ ո՞վ է  Յիսուս. Ճանչնալ, դաւանիլ եւ ընդունիլ Աստուծոյ ճանապարհը որ ընտրեց Յիսուսին համար» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ Յիսուսը ճանչնալու համար պէտք է դիմել Աւետարանին ու անոր ընթերցումով ծանօթանալ թէ ո՞վ է Յիսուս, իսկ երկրորդ քայլը՝ Յիսուսը դաւանիլն է աւելցուց Սրբազան Պապը, մատնանշելով որ այդ մէկը կարող ենք ընել միայն Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ։ Որովհետեւ ոչ մէկը կարող է դաւանիլ Տէրը՝ առանց Սուրբ Հոգիին ու քրիստոնեայ հասարակութիւնը պէտք է միշտ փնտռէ Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը։

Ի վերջոյ հետեւիլ Յիսուսի ճանապարհին, որովհետեւ Ան եկաւ մեզի համար, իր կեանքը նուիրեց մեր փրկութեան համար։ «Յիսուսը ճանչնալ ու դաւանիլը կը նշանակէ ընդունիլ ճանապարհը զոր Հայրը ընտրեց Անոր համար՝ նուաստացումի ճանապարհը» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով  Սուրբ Պօղոսի Փիլիպինցիներուն ուղղած նամակի խօսքերուն. «Աստուած ղրկեց իր Միածին Որդին որ ինքզինք նուաստացուց ու դարձաւ ծառայ, ինքզինք խոնարհեցուց մինչեւ մահ ու մահ խաչին վրայ»։

«Եթէ մենք չընդունինք Յիսուսին այդ ճանապարհը մենք քրիստոնեայ ըլլալէ կը դադրինք» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հայցել Քրիստոնէական հետեւողականութեան շնորհքը՝ որպէսզի քրիստոնէութիւնը չի ծառայէ լոկ «մագլցումի» համար, այլ Յիսուսին նման քալելու նուաստացումի ճանպահին վրայ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2020, 10:32
Կարդալ բոլորը >