Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Կեանքին էութիւնը մեր Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնն է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Հոգւոյն հիւանդութիւնները կը բժշկուին ու անոր դեղահատը ներում խնդրելու մէջ է»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Արդար է մտածել մարմնական հիւանդութիւններուն մասին, սակայն հարկաւոր է նաեւ մտածել սրտի առողջութեան ու շատ անգամ կը մոռնանք այս մէկը, ու դարմանումի համար բժշկին չենք դիմեր»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր՝ 17 յունուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին յորդորը, ուր ան մեկնաբանելով Աւետարանական հատուածը, ուր կը պատմուի Յիսուսի կողմէ անդամալոյծ մարդուն բժշկութեան հրաշքի մասին, ուզեց ընդգծել  թէ ինչպէս Տէրը մարմնական բժշկութենէն անդին,  անդամալոյծ մարդուն կ՛ըսէ «որդեակ ներուած են բոլոր մեղքերդ», ու միայն ատկէ ետք անոր կը հրամայէ  տուն վերադառնալ։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս արդարեւ էականին կ՛երթայ. Մարմնական բժշկութիւնը պարգեւ է, մարմնի առողջութիւնն ալ պարգեւ է, զոր մենք պէտք է պահպանենք։ Սակայն Տէրը մեզի կը սորվեցնէ որ պէտք է պահպանենք նաեւ սրտի ու հոգւոյն առողջութիւը»։

Յիսուս մեղաւոր կնոջ հետ եւս կը դիմէ էականին. Անոր կ՛ըսէ մեղքերդ ներուած են, գայթակղեցնելով իր շուրջինները։ Անոնք կը գայթակղին որովհետեւ այնտեղ է ի յայտ կու գայ մարգարէութիւնը, ուժը։ Նոյնպէս Սելովամի աւազանի մարդուն պարագային Յիսուս կ՛ըսէ «գնա եւ այլեւս մի մեղանչեր», ու Սամարացի կնոջ կը յանձնարարէ նայիլ կեանքի էականին՝ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան հուսկ ընդգծեց թէ շատեր կը մտածեն թէ իրենք մեղք չունին «որովհետեւ անոնց կը պակսի «մեղքերու գիտակցութիւնը»՝ «հոգւոյն հիւանդութիւնները» որոնք կարիքը ունին բժշկութեան, եւ որոնց դեղը ներումն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը եզրափակեց դարձեալ ակնարկելով Յիսուսի ուսուցումին, որ «մեզի կը սորվեցնէ էականը՝ մարմնոյ եւ հոգւոյ առողջութիւնը»։

«Պահպանենք այդ առողջութիւնը ու դիմենք Բժշկին, որ կարող է մեզ բուժել եւ կարող է ներել մեր մեղքերը։ Յիսուս ասոր համար եկաւ աշխարհ, եւ ասոր համար զոհեց իր կեանքը» յարեց Սրբազան Պապը աւարտելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2020, 11:29
Կարդալ բոլորը >