Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ «աշխարհիկութիւնը մեղքին մէջ աստիճանաբար սայթաքում է:»

Ֆրանչիսկոս Պապին 31 յունուարի քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 31 յունուարին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց մեղքի մէջ աստիճանաբար սայթաքումէն, նկատելով այս մէկը, մեր օրերուն ամենէն մեծ չարիքը, որ կը կայանայ մեղքին իմաստը կորսցնցելու մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Թելադրուած Սուրբ Գրային ընթերցումէն, ուր կը  խօսուի Դաւիթ Թագաւոր սիրահարուելով Ուրիայի կնոջ՝ Բերսաբէին, Ուրիան սպաննելու համար ՝պատերազմի ճակատ կը ղրկէ, Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացնելով Դաւիթի՝ Սուրբ Թագաւորին դիմագիծին վրայ, նկատել տոաւ որԴաւիթ հանգստաւէտ կեանք  մը կը վարէր եւ մոռցած էր որ ինք Աստուծոյ ընտրեալն էր:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ, որ Դաւիթի նման այսօր եւս կան շատ մը մարդիկ, որոնք կիրակի օր Սուրբ Պատարագի կ՝երթան, սակայն մոռցած են մեղքին գիտակցութիւնը, իրողութիւն մը որ չարիքներէ ամենամեծն  է:

Ան նշեց, թէ Դաւիթ  սուրբ էր եւ շատ բարի գործեր կը կատարէր, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ միացած մարդ  մըն էր, Աստուծոյ դէմ չմեղանչեց մէկ օրուան մէջ,  այլ աստիճանաբար սայթաքեցաւ մեղքի մէջ աւելցնելով, որ կան մեղքեր, որոնց մէջ աստիճանաբար կը սայթաքինք,  ասոնցմէ մէկը աշխարհիկութեան հոգին է, որ մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի  այլ մեղքեր գործելու,  ինչպէս սպանութիւնը:

Երբեմն, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ կարիքը կայ կեանքի ապտակի մը՝ կանգ առնելու եւ կասեցնելու մեղքին մէջ սայթաքումը: Կարիքը կայ անձի մը՝ նման Նաթան Մարգարէին՝ առաքուած Աստուծոյ կողմէ, մեզ մեղքէն հեռու պահելու համար: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2020, 11:52
Կարդալ բոլորը >