Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Իսկական խաղաղութիւնը կը մշակուի սիրտերուն մէջ:»

Ֆրանչիսկոս Պապին 9 յունուարին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուցած քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 9 յունուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը՝ քաղուած Յովհաննէս առաքեալի թուղթէն,  ուր առաքեալը ցոյց կու տայ խաղաղութեան հասնելու ուղին, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց, թէ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն կերտելու համար, պէտք է նախ սկսիլ մեր սիրտերուն մէջ խաղաղութիւն կերտելէ:

Ան յարեց թէ «Չէ կարելի քրիստոնեաներ ըլլալ, եթէ մեր ապրած եւ աշխատած միջավայրերուն մէջ պատերազմներ մղենք: Թող Տէրը, մեզի Սուրբ Հոգին պարգեւէ՝ Աստուծոյ մէջ մնալու համար եւ մեզի սորվեցնէ սիրել՝ առանց ուրիշներուն դէմ պայքարելու:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ հայցելով Աստուծմէ, որ բոլոր ժողովուրդներուն խաղաղութիւն շնորհէ:  

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել տալով, որ երբ կը խօսինք խաղաղութեան մասին մեր միտքը անմիջապէս պատերազմներուն կ՝երթայ, յորդորեց  նախ եւ առաջ  մտածել եթէ՝ մեր սիրտերուն եւ տուներուն մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ՝ թէ ոչ: Հարց տալ եթէ մեր սիրտերը ընկճուած վիճակի մէջ են՝ աւելի բան մը ունենալու կամ բանի մը վրայ տիրապետելու պատճառաւ,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով, որ ժողովուրդներուն եւ երկիրի մը խաղաղութիւնը կը մշակուի՝նախ մեր սիրտերու մէջ :

Ան ապա  շեշտեց, որ ուր  Տէրը ներկայ կայ հոն կայ խաղաղութիւն: Տէրն է խաղաղութիւնպարգեւողը՝ ուղարկելով Սուրբ Հոգին: Եթէ Տիրոջ մէջ մնանք, մեր սիրտերուն մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ: Իսկ Տիրոջ մէջ մնալու համար, պէտք է իրար սիրել ու սա է խաղաղութեան գաղտնիքը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով, ոդր իսկապէս սիրելու համար պէտք չէ չարախօսել,  զրպարտել ու անպատուել ուրիշները.իրողութիւններ, որոնք պատերազմի համազօր են: Նախանձն ու չարախօսութիւնը՝ դէպի պատերազմ կ՝առաջնորդեն:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակելով հրաւիրեց մտածելու, թէ քանի անգամ խաղաղութեան հոգիով կը խօսինք եւ քանի անգամ պատերազմի հոգիով, նկատել տալով, որ մենք ենք, որ յառաջ կը տանինք պատերազմներն ու քանդումները, նախ եւ առաջ մեր անձերը քանդելով, ապա ուրիշները:

 Սատանան է, որ մեր մէջ կը զետեղէ ուրիշները աղտոտելու սերմը: Աղօթենք ապահով խաղաղութեան համար, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է՝ մնալով միշտ Տիրոջ մէջ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2020, 11:42
Կարդալ բոլորը >