Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Բարի քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ անսալ Տիրոջ ըսածներուն» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Աստուծոյ Խօսքին նորութիւնը մեզ միշտ յառաջ կը տանի։ Ան կը յաղթահարէ կռապաշտութիւնը, սնապարծութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հլու ըլլալ Աստուծոյ Խօսքին որ մշտական նորութիւն է» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը զոր ուղղեց երկուշաբթի 20 յունուարի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին, ուր Ան մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ակնարկեց  Սաւուղ Թագաւորի մեղքին որ չի հնազանդեցաւ Աստուծոյ խօսքին, եւ ուզեց ազատ կերպով մեկնաբանել եղելութիւնները։  

Ունկնդրէ լուրը

«Սամուէլ մարգարէն կը յիշեցնէ՝ որ աւելի կարեւոր է ունենալ հլու եւ հնազանդ սիրտ մը, քան զոհեր մատուցել, ծոմ պահել եւ ապաշխարութիւն կատարել» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով՝ որ մեղքը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ թէ Տիրոջ պատուիրանին մենք կը նախընտրենք մեր փափաքածը։

«Երբ դուն կը հակառակիս Տիրոջ կամքին կռապաշտ կը դառնաս, որովհետեւ կը նախընտրես քու ուզածդ, կուռքդ, ու Սաւուղ թագաւոր այդ իր  անհնազանդութեան պատճառաւ կորսնցուց իր թագաւորութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով խոկալ հնազանդութեան մասին ու հարց տալ. «ո՞րն է Տիրոջ կամքը»։

«Աստուծոյ Խօսքին նորութիւնը մեզ միշտ յառաջ կը տանի։ Ան կը յաղթահարէ կռապաշտութիւնը, սնապարծութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով որ «բարի քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ հլու ըլլալ Աստուծոյ Խօսքին, ունկնդրել այն ինչ որ Տէրը մեզի կ՛ըսէ արդարութեան, սիրոյ, ներումի ու ողորմութեան մասին, ու կեանքին մէջ անհետեւողական չ՛ըլլալ»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ աւելցուց. «Աստուծոյ Խօսքը շատ անգամ մեզի դժուարութեան կը մատնէ սակայն անոր վստահելով է որ մենք ազատ կը դառնանք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2020, 11:45
Կարդալ բոլորը >