Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ  (Vatican Media)

«Այն չափանիշով որ ուրիշները չափենք պիտի չափուինք». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Ո՞րն է չափանիշը որով ուրիշները կը չափեմ, ո՞րն է չափանիշը որով ես ինքս կը չափեմ։ Աստուծոյ սիրով լեցուն վեհանձն չափանիշ է, կամ ցած չափանիշ մըն է։ Այդ չափանիշի համաձայն է որ ես պիտի դատուիմ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ամէնքս հաշուետուութիւն պիտի տանք մեր կեանքին համար ու այդ պիտի ընենք նաեւ մեր գոյութեան աւարտին, եւ Յիսուսին նախադասութիւնը թէ« այն չափանիշով որ ուրիշները  դատենք պիտի դատուինք» մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչպէս պիտի ըլլայ մեր դատաստանը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը, ներշնչուած Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած (Գլ 2, 21-25), օրուան Աւետարանէն, ուր Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ ի՞նչ ապրելաձեւ եւ ի՞նչ չափանիշ որդեգրել մեր կեանքին համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Ո՞րն է չափանիշը որով ուրիշները կը չափեմ, ո՞րն է չափանիշը որով ես ինքս կը չափեմ։ Աստուծոյ սիրով լեցուն վեհանձն չափանիշ է,  կամ ցած չափանիշ մըն է։ Այդ չափանիշի համաձայն է որ ես պիտի դատուիմ. Պէտք է ասոր մտածել»,ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քարոզին մէջ, դիտել տալով որ մեր որդեգրած չափանիշէն կախուած է Տիրոջ մեր նկատմամբ գործածած չափանիշը։

«Այն որ եսասիրութեամբ կը չափէ, եսասիրութեամբ պիտի չափուի։ Այն որ անգութ է եւ կարող է ուրիշները ոտնակոխ ընել, նոյն ձեւով պիտի դատուի» յարեց ապա Քահանայապետը զանազանութիւն դնելով քրիստոնէական  ու աշխարհիկ ապրելակերպի միջեւ։

Քրիստոնեայ մը որ կարող չէ նուաստացումը  հանդուրժել կը դարանայ «օգուտի» քրիստոնեայ։ «Յիսուս ինքզինք նուաստացուց մինչեւ մահ ու մահ խաչին վրայ։ Ան որ Աստուած էր ինքզինք նուաստացուց մեզի համար ու այդ ըլլալու է մեր տիպարը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, ակնարկելով ապա աշխարհիկ կեանքի ապրելաձեւին, որ կարող չէ հետեւելու Յիսուսի ոճին այդ առնչութեամբ մատնանշելով այն  բողոքներուն որոնք յաճախ քահանաներ կը ներկայացնեն իրենց եպիսկոպոսներուն առաքելութեան մէկ վայրէն միւս վայր չի փոխադրուելու համար, որովհետեւ մի գուցէ այն նոր վայր աւելի ցած դասակարգի վայր նկատուած է ու այդ պաշտօնը իրենց համար որպէս պատիժ կը համարուի։

«Ահա թէ ինչպէս կարող եմ ճանչնալ իմ ապրելաձեւս»  յարեց Սրբազան Պապը, «նուաստացումներու դիմաց իմ ցուցաբերած վարուելակերպէն» աւելցուց ան ապա հաստատեց. «Այն չափանիշով որ չափենք, մենք ալ պիտի չափուինք. Եթէ այդ մէկը քրիստոնէական ձեւ է որ կը հետեւի Յիսուսին ու Անոր ուղիին, մենք ալ պիտի դատուինք անոր հիման վրայ, կարեկցութեամբ ու ողորմութեամբ։ Բայց եթէ մեր չափանիշը  աշխարհիկ է ու ես կը շահագործեմ  քրիստոնէական հաւատքը, նոյն չափանիշով պիտի չափուիմ»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները  Տիրոջմէ Հայցելու  շնորհքը, ապրելու Քրիստոնէաբար ու մասնաւորապէս վախ չունենալու խաչէն , նուաստացումէն, որովհետեւ այդ է ճանապարհը զոր ընտրեց Ինք՝ Յիսուս, մեր փրկութեան համար եւ այդ է նաեւ որ կ՛երաշխաւորէ մեր չափանիշի քրիստոնեայ ըլլալը. Խաչը կրելու կարողութիւնը ու կարողութիւնը նաեւ կրելու նուաստացումներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2020, 11:14
Կարդալ բոլորը >