Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 դեկտեմբերին քարոզը: Աստուծոյ հայրական գուրգուրանքը:

Աստուծոյ անուշութիւնը եւ գուրգուրանքը, դիւանագիտական կեցուածք չէ, սրտէն բխող ուրախութիւն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին, Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ անհուն գթութեան վրայ:

Ունկնդրէ լուրը

«Տէրը իր ժողովուրդը կ՝առաջնորդէ, կը սրբագրէ եւ քնքշութեամբ կը պատժէ: Աստուծոյ անուշութիւնը եւ գուրգուրանքը, դիւանագիտական կեցուածք չէ, սրտէն բխող ուրախութիւն է երբ՝ մեղաւոր մը կը մօտենայ Իրեն: Ուրախութիւն է, որ Զինք քնքուշ կը դարձնէ:» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ:

Ան ապա նկատել տուաւ, որ քանի անգամ մեր կեանքին մէջ կը դժգոհինք երբ՝ կը մտածենք մեր մեղքերուն, սահմանափակումներուն մասին, նամանաւանդ երբ՝ կը մտածենք, որ մեր մեղքերը ներուած չեն: Սակայն ընդգծեց Սրբազան Հայրը, հոն է, որ Աստուծոյ  ձայնը կը հասնի ըսելով. մի վախնար քեզի մօտիկ եմ, քեզ կը ողջագուրեմ եւ քնքշութեամբ գիրկս կ՝առնեմ: Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ, որ այդ քնքուշ եւ բարի Աստուածը երկինքն ու երկիր ստեղծող հերոս Աստուածն է, որ թոյլ տուաւ, որ խաչի վրայ մեռնի մեզի համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց Աստուծոյ մօտենալ եւ թոյլ տալ, որ Աստուած մեզ սփոփէ, խնդրելով, որ մեր մեղքերը ներէ: Աստուած իր հայրական քնքշութեամբ մեզի պիտի մօտենայ նման հովիւին, որ իր ձեռքերով կը հովուէ իր գառնուկները: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2019, 11:12
Կարդալ բոլորը >