Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Եկեղեցին այսօր փոքրութեան գովքը կը հիւսէ:

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 դեկտեմբերի քարոզը ներկայացուցած Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 2 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Աստուծոյ Յայտնութեան, Փրկագործութեան խորհուրդի մասին: Ան նշեց, թէ Աստուած կը յայտնուի փոքրիկ իրողութիւններուն մէջ, համեստ , խոնարհ արարքներուն մէջ:  Մինչ՝  աշխարհի հզօրները կը ներկայանան իբրեւ ամենակարողներ:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ Աստուծոյ գործերը կ՝աճին5  կը ծլին փոքրիկ սերմէ մը եւ  Յիսուս Աւետարանի մէջ այս փոքրութեան մասին է, որ կը խօսի:

Ան  նկատել տուաւ, որ  Քրիստոնեայ հասարակութեան  մը մէջ ուր՝ հաւատացեալները, քահանաները եւ եպիսկոպոսները չեն որդեգրեր փոքրութեան ուղին, այդ հասարակութիւնը քայքայումի ենթարկուած է եւ զուրէ է ապագայէ աւելցնելով,  թէ պատմութեան մէջ  բազմիցս անգամ ականատես եղած ենք մեծ ծրագիրներուն, ուր ուժի կիրարկումով, արշաւանելով քրիստոնեաները ինքզինքին պարտադրած են:  Մինչ Աստուծոյ արքայութիւնը աճած է   փոքրիկ բաներուն մէջ, կեանքի մանր սերմերուն ընդմէջ: Սուրբ Հոգին փոքրիկ բաներուն մէջն է, որ մուտք կը գործէ եւ ոչ թէ մեծ, ինքնաբաւ եւ մակերեսային իրողութիւններուն մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Թովմաս Աքուինացիին խօսքը« պէտք չէ վախնալ մեծ բաներէն, պէտք է յառաջ երթալ միշտ հաշուի առնելով փոքրիկ իրողութիւնները որոնք  Աստուածային են « :

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց ըսելով, Քրիստոնեայ մը միշտ կը սկսի փոքրիկ իրողութիւնէ: Քրիստոնեայ մը երբ՝ իր սահմանափակումներով եւ մեղքերով Աստուծոյ առջեւ փոքրիկ կը զգայ, ան յառաջ կ՝ընթանայ :

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ինք շատ կը սիրէ խոստովանանքի խորհուրդ մատակարարել, նամանաւանդ փոքրիկներուն, որովհետեւ մանուկները կը խոստովանին խօսելով առարկայական, շօշափելի եւ համեստ բաներու մասին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2019, 11:59
Կարդալ բոլորը >