Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Տէրը անապատը կը ծաղկեցնէ. Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետը դիտել տուաւ որ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին ու թէ միայն Տէրն է որ կը փրկէ` Ան միակն է որ մեզ կ՛ազատէ մեր թշուառութենէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անապատը պիտի ծաղկի։ Այս եղաւ պատկերը զոր Ֆրանչիսկոս Պապը գործածեց մեկնաբանելու համար դեկտեմբեր ի19-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին կարդացուած սուրբ գրային ընթերցումները ու յատկապէս ակնարկելով Եսայի մարգարէի խօսքերուն յիշեցնելու համար որ Աստուած կարող է ձրի կերպով փոխել ամէն ինչ։ Քահանայապետը առ այդ հրաւէր կ՛ուղղէ պահպանելու այդ ձրիութիւնը, դիտել տալով որ մեղքը արգելք է այդ ձրիութեան։

Օրուան ծիսակատարութիւնը մեր առջեւ կը դնէ երկու անապատներ, երկու ամուլ կիներ` Եղիսաբեթ` Սամսոնի մայրը որ մեզի յիշել կու տայ Աբրահամն ու Սարան։ Ամուրութիւնը անապատ է որովհետեւ ամուլ  կին մը անպտուղ է ու առանց սերունդի։ Այդ երկու կիները սակայն, որոնք հաւատքի կիներ էին, կը վստահին Տիրոջ ու Տէրը անոնց կ՛ապահովեցնէ ժառանգութիւնը։

Աստուած արդարեւ կը ծաղկեցնէ անապատը ու այս մէկը հրաշքէն աւելի մեր հաւատքին հիմքն է։ Երկու կիներն ալ կը ծննդաբերեն որովհետեւ Աստուած կարող է ամէն ինչ փոխել, նոյնիսկ բնութեան կանոնները եւ Աստուծոյ պարգեւները ձրի են ու այդ երկու կիներու կեանքը Աստուծոյ ձրիութեան արտայայտութիւնն է։  

Քահանայապետը դիտել տուաւ որ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին ու թէ միայն Տէրն է որ կը փրկէ` Ան միակն է որ մեզ կ՛ազատէ մեր թշուառութենէն։ Եթէ դուն չէս վստահիր Տիրոջ փրկութեան պիտի չի փրկուիս նշեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղելով սիրտը բանալու ձրիութեան ու հաստատեց  որ ամէն ինչ որ կ՛ընդունինք շնորհք է ու եթէ հաւատանք Աստուծոյ պարգեւներու ձրիութեան պիտի փրկուինք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2019, 14:32
Կարդալ բոլորը >