Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Աստուած անկիւնը չի դնենք». Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։

«ԶԱստուած անկիւնը դնելը ու ձեռքերը լուալը երկու վտանգաւոր վերաբերմունքներ են» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Երկուշաբթի 16 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Մատթէոս Աւետարանիչթն քաղուած օրուան աւետարանին վրայ ուր Յիսուս կը զրուցէ Քահանայապետերուն ու Ժողովուրդի ծերերուն հետ որոնք Անոր հարց կու տան թէ ի՞նչ իշխանութեամբ կը գործեր։

Քահանայատները ու ժողովուրդի ծերերը  համաձայնած էին կղզիացնել Յիսուսը որ մատիկը կը բժշկեր, կ՛ուսուցաներ եւ հրաշքներ կը կատարեր։  Անոնք կ՛ուզէին զինք անկիւնը դնել որովհետեւ իրենց համար ան ոչ մէկ իշխանութիւն կը ներկայացներ։

Ու երբ անոնք հարց կու տան թէ ինչ իշխանութեամբ կը կատարեր այդ բոլորը Յիսուս անոնց այլ հարցում մը կ՛ուղղէ իսկ «Յովհաննէսի մկրտութիւնը ուրկէ էր երկնքէն թէ մարդոցմէ»։ Այդ հարցումով Տէրը զանոնք շփոթութեան կը մատնէ,  որովհետեւ եթէ ըսէին Աստուծմէ Յիսուս պիտի առարկեր ինչու չի հաւատացիք անոր, իսկ եթէ ըսէին մարդոցմէ ժողովուրդը անոնց դէմ պիտի ելլեր որովհետեւ կը հաւատար որ Յովհաննէս մարգարէ մըն է։ ։ «Չենք գիտեր պատասխանեցին», եւ Յիսուս ըսաւ. «ես ալ ձեզի չեմ ըսեր  թէ ինչ իշխանութեամբ կը գործեմ»։

«Այս վարուելակերպը գաղջերու վարուելակերպ է հաւատքի ստախօսներու վարուելակերպ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացնելով Աստուած անկիւնը դնելէ կամ Պիղատոսի նման մեր ձեռքերը լուալէ, ի տես բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն։

«ԶԱստուած անկիւնը դնելը ու ձեռքերը լուալը երկու վտանգաւոր վերաբերմունքներ են» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ «Պահ մը մտածենք եթէ Յիսուսը ըլլար մեզ անկիւնը դնողը, Արքայութեան մուտքը երազանք պիտի դառնար։ Եւ ի՞նչ պիտի ըլլար եթէ Տէրը ըլլար ձեռքերը լուցողը» յարեց  ապա Քահանայապետը հրաւիրելով հաւատացեալները զգուշանալու այդպիսի վերաբերմունքէն եւ իրենց կեանքին մէջ միշտ տեղ յատկացնելու Տիրոջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2019, 13:02
Կարդալ բոլորը >