Որոնել

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ  (Vatican Media)

«Մեր կեանքը հիմնենք Տիրոջ ու ոչ թէ արտաքին տեսքերու վրայ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Դիմենք ժայռին, ուր կայ մեր փրկութիւնը։ Այնտեղ երջանիկ պիտի ըլլանք» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով աղօթել ու Տիրոջմէ հայցել շնորհքը գիտնալ զատորոշում կատարելու եւ ընտրելու ժայռը.:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեր կեանքը կառուցենք ոչ թէ անցողական երեւոյթներու վրայ, դիմենք «ժայռին» որ է Քրիստոսը եւ այնտեղ մենք երջանիկ պիտի ըլլանք»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 5 դեկտեմբերի  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած օրուան աւետարանը, ուր կը խօսուի երկու տուն շինողներու մասին, որոնցմէ մէկը աւազի վրայ կը շինէ տունը եւ միւսը ժայռի վրայ, Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց մշտապէս վստահելու Տիրոջ «որովհետեւ Տէրը ժայռ է՝ յաւիտենական ժայռ» ըսաւ Ան, խրախուսելով հաւատացեալները խոկալու «իմաստութիւն եւ տկարութիւն» բառերու վրայ, այսինքն թէ ո՞րն է մեր կեանքին հիմքը. Մեր յոյսին, մեր ապահովութիւններուն հիմքը։

«Այն որ Տիրոջ կը վստահի միշտ ալ ապահով պիտի ըլլայ, որովհետեւ անոր  հիմքերը ժայռի վրայ են՝ նման խելացի, իմաստուն մարդուն, որ տունը շինեց վէմի վրայ։ Մինչ այն որ տունը կառուցեց աւազի վրայ անխելք է՝ որովհետեւ հազիւ անձրեւը տեղայ, ու գետերը վազէն պիտի փլուզուի»։

«Մեր կեանքն ալ նման է խելացի ու անխելք մարդու ընտրանքներուն» դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ միայն Յիսուսն է ապահով հիմքը, արտաքին տեսքերը չեն օգներ մեզ։

«Հարկաւոր է առ այդ դարձի գալ ու այնպէս ընել որ մեր կեանքը չի կառուցենք անցողական ու արտաքին երեւոյթներու վրայ, մտածելով թէ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ»։

«Դիմենք ժայռին, ուր կայ մեր փրկութիւնը։ Այնտեղ երջանիկ պիտի ըլլանք» ըսաւ  Սրբազան Պապը որ քարոզի աւարտին հրաւիրեց աղօթել ու Տիրոջմէ հայցել շնորհքը՝ գիտնալ զատորոշում կատարելու եւ ընտրելու ժայռը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2019, 11:12
Կարդալ բոլորը >