Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սատանան մարդը կը կործանէ, որովհետեւ Աստուած մեզի նման դարձաւ:»

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 նոյեմբերի քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ:  

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի  մարդու մասին,  որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն, խօսքը կեդրոնացուց սատանային վրայ, նշելով որ սատանան գոյութիւն ունի,  որովհետեւ ան կը  նախանձի Աստուծոյ որդիէն, որ  մարմնացաւ ՝ պատմութեան մէջ մտնելու համար:  Խօսելով ատանային մասին սրբազան Հայրը նշեց թէ սատանան կը շարունակէ ատելութիւն սերմանել: Սատանան չար հրեշտակն  է,  որ չ՝ընդունելով Յիսուսի  մարդեղացումը, ուզեց մարդկութիւնը կործանել:  Անոր սիրտը լի է նախանձով  եւ ատելութեամբ:

Նորին Սրբութիւն անդրադարձաւ սատանային չարիքներուն, որոնք շարքին թուեց նաեւ  շատախօսութիւնը,  «շատախօսութեան  լեզուն տաժանելի զէնք մըն է, որ կը սպանէ, ըսաւ Ան, ապա յիշեց Պերլինի պատի քանդումը, նշելով որ ամէն բանի ետին կայ հրահրող մէկ մը, այդ մէկը փորձութիւնն է:

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ  սատանայի նախանձին արմատը, մեր չարիքներուն արմատն է:  Պատերազմները, անօթութիւնը, աշխարհի բոլոր  քանդումները,  սատանային չարիքներն են, որովհետեւ սատանան կ՝ուզէ լոկ  քանդել եւ ատելութիւն սերմանել : 

«Հայցենք Տիրոջմէ, որ մեր սրտերուն մէջ աճեցնէ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը ,որ մարդացաւ՝ պայքարելու համար սատանային չարիքներուն դէմ: Եւ այս հաւատքը թող մեզի ուժ ներշնչէ, որպէսզի չմասնակցինք, խաբէութիւն եւ ատելութիւն սերմանող սատանային խաղերուն:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2019, 12:47
Կարդալ բոլորը >