Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Մերժել Աստուծոյ անշահախնդրութիւնը բոլորիս մեղքը կը նկատուի:»

ֆրանչիսկոս Պապին Տումուս Սանթա Մարթա Մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 5 նոյեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ,  ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Տիրոջ  անշահախնդիր հրաւէրին ընդառաջելու վրայ, նկատել տալով, որ Տիրոջ հրաւէրը անվճար  է եւ ուղղուած բոլորին՝ բարիներուն եւ չարերուն:

Ունկնդրէ լուրը

Ան յորդորեց մենք մեզի հարց տալ, եթէ կ՝ուզենք Տիրոջ հրաւէրին  ընդառաջել կամ ալ կ՝ուզենք  փակուիլ մեր փոքրիկութիւններուն ներքեւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը,  քաղուած Ղուկասի աւետարանիչէն, ուր կը պատմուի թէ Տէրը մը կ՝ուզէ մեծ խնճոյք սարքել, սակայն հիւրերը տարբեր պատրուակներ գտնելով, մերժած են հրաւէրը:  Այնուհետեւ,   Տէրը իր ծառայէն կը խնդրէ , որ աղքատները ու անկարները հրաւիրէ  խնճոյքին մասնակցելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ,  թէ աւետարանի վերոյիշեալ  պատմութիւնը  Փրկչագործութեան պատմութեան եզրակացութիւնն է, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քրիստոնեաներուն վերաբերմունքին նկարագրութիւնը:
Ան նկատել կու տայ, որ ընթրիքը, տօնակատարութիւնը,  երկինքին դիմագիծն է  ու Տիրոջ հետ յաւիտենականութիւնը :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը շեշտէ Տիրոջ անշահախնդիր հրաւէրը  նկատել տալով, որ իսկական տօնակատարութիւն մը անվճար  է,  որովհետեւ տօնակատարութեան ծախսերը միշտ Տէրն է որ  վճարէ:  Սակայն կ՝ընդգծէ Սրբազան Հայրը տօնակատարութիւնը անվճար ըլլալով հանդերձ, շատեր կը մերժեն մասնակցիլ նախընտրելով իրենց  շահագրգռութիւնները:

Սա է մեղքը հաստատեց սրբազան Հայրը «մեղք է մերժել Տիրոջ հրաւէրը,  սա Իսրայէլի ժողովուրդին եւ մեր մեղքն է :

 Մերժել Տիրոջ հրաւէրը , համազօր է Աստուծոյ հետ հանդիպելու մերժումին:  

Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ, որ քանի անգամ մենք եւս Մեր կեանքի ուղեւորութեան ընթացին  դէմ յանդիման գտնուած ենք  նման հրաւէրներու եւ մերժած ենք,  նախընտրելով մեր շահագրգռութիւնները:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը նկատել տուաւ որ Տիրոջ հրաւէրը ուղղուած է բոլորին եւ քէշերուն եւ  բարիներուն: Ամէնքս հրաւիրուած են եւ ոչ մէկը կրնայ ըսել  ես չար եմ, չեմ կրնար մասնակցիլ տիրոջ հրաւէրին:

Ան յորդորեց միշտ  ընդառաջել Տիրոջ հրաւէրին եւ չփակուիլ  մեր շահագրգռութիւններուն մէջ :  Տիրոջմէ հայցենք  որ մեզի պարգեւէ միշտ իր  անվճար տօնակատարութեան մասնակցելու շնորհքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2019, 14:12
Կարդալ բոլորը >