Որոնել

Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ  (Vatican Media)

«Քրիստոսին սէրը կարելի չէ նկարագրել՝ անհուն է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Յիսուս Հօրմէ կանչուեցաւ մեզ փրկելու համար, իր կեանքը զոհեց մեզի համար, ու չկայ աւելի մեծ սէր քան կեանքի զոհաբերումը ուրիշին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 31 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ,  Սրբազան Հայրը՝ մեկնաբանելով Պօղոս Առաքեալի Հռոմէացիներուն ուղղած նամակէն քաղուած օրուան ընթերցուածը, խօսեցաւ Քրիստոսի անհուն սիրոյն մասին ու այդ սիրոյ զօրութեան մասին,  հայցելով որ Սուրբ Հոգին մեզի հասկցնել տայ այդ սէրը ու մեր սրտերը պատրաստէ որպէսզի թոյլ տանք որ Տէրը սիրէ մեզ։

Ունկնդրէ լուրը

«Պօղոս առաքեալի նամակները կարդալով կը հասկնանք թէ մենք յաղթական ենք Տիրոջ սիրով» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Սուրբ Պօղոսը արդարեւ այդպէս էր այն վայրկեանէն երբ կանչուեցաւ Դամասկոսի ճամբուն վրայ ու ինք սիրահարուեցաւ Քրիստոսին, այնպիսի իսկական ու զօրեղ սիրով մը, որ առաքեալը կը զգար թէ Տէրը միշտ իրեն  ուղեկից էր,  ըլլայ լաւ ըլլայ վատ պահերու ընթացքին։

Սուրբ Պօղոս վստահ էր որ Տէրը երբեք զինք չի լքեր, նոյնիսկ ամենադժուար պահերու ժամանակ։ Ան հասկցած էր Քրիստոսի սէրը, ու ահա այն ճանապարհն է որ Պօղոս կ՛ուզէ մեզի ցոյց տալ. Սիրոյ ճանապարհը, մշտական ճանապարհ, լաւ ու վատ ժամանակներուն, միշտ։ «Այս է Պօղոսին մեծութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելեցնելով որ Քրիստոսին սէրը կարելի չէ նկարագրել։ Ան մեծ իրականութիւն է։

«Ան Հօրմէ կանչուեցաւ մեզ փրկելու համար, իր կեանքը զոհեց մեզի համար, ու չկայ աւելի մեծ սէր քան կեանքի զոհաբերումը ուրիշին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, հրաւիրելով մտածել նաեւ մօր մը սիրոյն, որ իր կեանքը կու տայ իր զաւկին համար, կ՛առաջնորդէ անոր կեանքին քայլերը, նոյնիսկ ամենադաժան պահերուն…. Յիսուսին սէրը մեզի մօտիկ սէր է, վերացական սէր մը չէ, ես-դուն սէր մըն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, որ ապա մէջբերեց Ղուկասի Աւետարանէն քաղուած այն հատուածը  ուր Յիսուս կ՛ողբայ Երուսաղէմի վրայ։

«Անոր սէրը զինք մղեց արտասուքի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Ան դժգոհած էր որովհետեւ Երուսաղէմը թոյլ չէր տուած սիրուիլ։ Այդ մէկը Յիսուսի մէջ Աստուծոյ սիրոյ քնքշութիւնն է։ Ու Պօղոս լաւապէս հասկցած էր զայն։ Եթէ մենք չի հասկնանք Աստուծոյ սիրոյ քնքշութիւնը, եթէ չի զգանք այդ մէկը մեր կեանքին մէջ, պիտի չի կարողանանք հասկնալ ինչ ըսել է Քրիստոսին սէրը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ նոյնինքն ամենամեծ մեղաւորը միշտ ալ սիրուած է այդ քնքուշ սէրէն։

Քահանայապետը քարոզը աւարտեց յորդորելով հարց տալ եթէ Յիսուս կ՛արտասուէ մեզի համար եւս ու հաստատելով «Սուրբ Պօղոսը սիրահարուած էր Քրիստոսին ու ոչ մի բան կարող էր  զայն բաժնել Անորմէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2019, 11:35
Կարդալ բոլորը >