Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը «Քրիստոնեայի մը համար յոյսը նման է օդին որ կը շնչէ :»

Չէ կարելի այս աշխարհին մէջ բոյն շինել: Քրիստոնեայի կեանքը միշտ ուղղուած է դէպի այլուր: Երբ քրիստոնեայ մը այս հեռանկարը կը կորսնցնէ, անոր կեանքը անշարժ կը դառնայ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզին նիւթը եղաւ յոյսի առաքինութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան քարոզին ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ օրուան սուրբ գրային՝ Պօղոս առաքեալին Հռոմէացիներուն ուղղած թուղթէն հատուած մը, ուր առաքեալը լսելով կարգ մը հաւատացեալներուն դժգոհութիւնները խրատ կու տայ անոնց յառաջ երթալու նկատել տալով, որ ներկայի տառապանքները ոչինչ են  բաղդատմամբ ապագայի փառքին, որ մեր մէջ պիտի յայտնուի:    

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց, թէ սա է յոյսը, ապրիլ Տիրոջ հետ հանդիպումի յոյսով: Վստահիլ Սուրբ Հոգիին . որ մեր մէջ կը գործէ այս վայրկեանէն իսկ:  

Նորին Սրբութիւն յոյսը պատկերացուց, խարիսխը գետին միւս կողմը նետելու, ամբողջ ուժով պարանը բռնելով:

Յոյսը է նաեւ,  ապրիլ միշտ դէպը այլուր լարուած: Գիտակցիլ, որ չէ կարելի այս աշխարհին մէջ բոյն մը շինել:  Քրիստոնեայի կեանքը միշտ ուղղուած է դէպի այլուր: Երբ քրիստոնեայ մը այս հեռանկարը կը կորսնցնէ, անոր կեանքը անշարժ կը դառնայ, իրերը կը դադրին շարժելէ եւ փտածութեան կ՝ենթարկուի:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ թէ հեշտ չէ հասկնալ յոյսը:  Երբ կը խօսինք հաւատքին մասին կ՝ակնարկենք Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին , Աստուած որ մեզ ստեղծեց եւ կը հաւատանք որ  Յիսուս մեզ Փրկեց: Երբ կը խօսինք սիրոյ մասին, կ՝ակնարկենք մերձաւորին եւ ուրիշներուն բարիք ընելու: Սակայն դիւրին չէ հասկնալ Յոյսը: Յոյսը, առաքինութիւններուն ամենէն հեզն է, որ լոկ աղքատները  կրնան ունենալ:

Ֆրանչիսոկս Պապ հասկցնելու համար, թէ ինչպէս կարելի է յոյս ապրիլ ակնարկեց Յիսուսի ուսուցումին, որուն մէջ  Յիսուս Աստուծոյ արքայութիւնը  կը նմանեցնէ հողին մէջ նետուած հատիկին:

Բոլորս Կը սպասենք որ այդ հատիկը աճի, ամէն օր չենք երթար նայելու համար թէ ինչպէս կ՝աճի այդ հատիկը: ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ակնարկէ համբերութեան, նկատել տալով,  որ յոյսը, համբերութեան կարիքը ունի,  քաջ գիտնալով, որ մենք կը ցանենք, Աստուած է որ կ՝աճեցնէ:  

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը նշելով որ յոյսը  առաքինութիւն մըն է որ չի տեսնուիր: Յոյսը թագուն կերպով կը գործէ: Դիւրին չէ յոյսը ապրիլ, յոյսը քրիստոնեային շնչած օդն է : Յոյսը ապահովութիւն կը ներշնչէ եւ երբեք յուսախաբ չըներ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2019, 12:56
Կարդալ բոլորը >