Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 հոկտեմբերի քարոզը:

Պայմաններ դնող անթիւ քրիստոնեաները կը սահմանափակուին իրենց համոզումներուն մէջ՝ դառնալով գաղափարապաշտ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա Մատրան մէջ:
Նորին Սրբութեան քարոզիn նիւթը եղաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Աստուծոյ Յովնան Մարգարէին հետ ունեցած յարաբերութեան մասին: Աստուած, Յովնան Մարգարէէն կը խնդրէ, որ Նինւէ քաղաք երթայ եւ դարձի բերէ ժողովուրդը:

Ունկնդրէ լուրը

Յովնան մարգարէն Աստուծմէ կը նեղանայ, որովհետեւ Աստուած շատ ողորմած է եւ ուզեց ներել Նինւէի ժողովուրդը:
Նորին Սրբութիւն նշեց, թէ Յովնան մարգարէն յամառ է իր հաւատքի համոզումներուն մէջ: Իսկ Տէրը յամառ է իր ողորմածութեան մէջ: ՏԷրը երբեք մեզ չի թողուր: Ան սիրտին դուռը կը բախէ մինչեւ վերջ:

Յովնան մարգարէն յամառ է, որովհետեւ հաւատքը կ՝ընդունի լոկ պայմաններով: Ան օրինակ է այն քրիստոնեաներուն, որոնք պայմաններ կը դնեն: «Սա հերետիկոսութիւն է» հաստատեց սրբազան հայրը աւեցնելով, որ այսպիսի քրիստոնեաներ պայմաններ կը դնեն Աստուծոյ վրայ, հաւատքի եւ Աստուծոյ գործերու վրայ:

Պայմաններ դնող անթիւ քրիստոնեաները կը սահմանափակուին իրենց համոզումներուն մէջ՝ դառնալով գաղափարապաշտ:
Այս է հաւատքէն գաղափարապաշտութիւն առաջնորդող քէշ ուղին ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ կան շատ քրիստոնեաներ որոնք կը վախնան աճելէ, կեանքի մարտահրաւէրներէն, Տիրոջ մարտահրաւէրներէն, պատմութեան մարտահրաւէրներէ, Քրիստոնեաներ, որոնք կը նախընտրեն գաղափարապաշտութիւնը քան հաւատքը եւ կը հեռանան հասարակութենէ, կը հեռանան եւ կը վախնան Աստուծոյ բազուկներուն մէջ մնալէն եւ կը նախընտրեն ամէն ինչ դատել:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2019, 14:10
Կարդալ բոլորը >