Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 25 հոկտեմբերի քարոզը: Բարիի եւ չարին ընդմէջ ներքին պայքար:

Բարիին մղած մեծ պայքարը ընդդէմ չարին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 25 հոկտեմբերին, Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ բոլորիս մէջ առկայ է շնորհքի եւ մեղքին միջեւ յարատեւ պայքար մը ան ապա  հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալ, եթէ մեր որոշումները Տիրոջմէ կը յառաջանան կամ սատանայէն պարտադրուած որոշումներ են:

Ունկնդրէ լուրը

Ներշնչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն քաղուած Պօղոս առաքեալին Հռոմէացիներուն յղած թուղթէն, Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսքը կեդրոնանցուց «ժողովուրդներուն առաքեալին», ներքին եւ յարատեւ պայքարին՝ բարիք ընելու բաղձանքին եւ զայն իրականացնելու ընդդմէջ «իսկական պատերազմ մը, որ մեր մէջն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ: Ան ապա դիտել տուաւ, որ կեանքը ամէնօրեայ պայքար մըն է, օր մը կը յաղթենք, օր մը կը պարտուինք եւ այսպէս կը շարունակուին մինչեւ վերջ: Ֆրանչիսկոս Պապ մտաբերեց նահատակները, որոնք ամէն օր պայքար մղեցին իրենց հաւատքը պաշտպանելու համար:

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ շատ անգամ  մենք քրիստոնեաներս այնքան որ բազմազբաղ ենք կ՝անտեսենք մեր ներսդին պատահած իրողութիւնները: Յորդորեց մեր հոգիէն ներս սեւեռել, ականատես ըլլալու համար մեր հոգեւոր ձգտումներուն, եթէ մեր մէջ կան ատելութեան կամ ոխութեան ձգտումներ:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը նկատել տալով, որ շատ անգամ ունենալով շատախօս  հոգի մը, քաջածանօթ ենք, մեր դրացիներուն եւ մեր ապրած վայրերուն մէջ պատահած իրողութիւններուն, սակայն անտեղեակ ենք եւ կ՝անտեսենք մեր մէջ, մեր հոգիէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Հետեւաբար Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ամէն օր մենք մեզի հարց տանք,  եթէ մեր վճռած որոշումները Տիրոջմէ կամ սատանայէն կու գան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2019, 12:09
Կարդալ բոլորը >