Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը «Աստուծոյ առջեւ մենք մեզ մեղադրելով է որ, կ՝ազատինք կեղծաւորութենէն:

Կեղծաւորութենէն բուժուելու միակ դեղը մենք մեզ Աստուծոյ առջեւ մեղադրելն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին,Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ կեղծաւորութեան մասին:

Ունկնդրէ լուրը

Թելադրուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի մասին, որ  Փարիսեցիի ճաշին հիւրն է, ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ « Կայ Կեցուածք մը, որ Յիսուս չի հանդուրժեր, անիկա կեղծաւորութիւնն է: Այս է որ կը պատահի այսօրուան աւետարանին մէջ: Յիսուս ճաշի  հիւրն է Փարիսեցի մը մօտ: Յիսուս ճաշի սեղան նստելէ առաջ կը քննադատուի տանտիրոջ կողմէ, որովհետեւ  չյարգեց սովորութիւնները, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով  «Յիսուսը ճաշի հրաւիրած էին, ոչ թէ Անոր հետ բարեկամութիւն մշակելու համար,  այլ Զինք քննադատելու:

Կեղծաւորութիւնը, իսկապէս տարբեր ձեւով երեւնալն  է ու տարբեր ձեւով ներկայանալ է :  Երեւնալէն՝ տարբեր ձեւով գաղտնաբար մտածել է : ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց «կեղծաւորութեան կեցուածքը, յառաջ կու գայ ամենամեծ ստախօսէն՝ սատանայէն: Ան ամենամեծ ստախօսն է եւ կեղծաւորները անոր ժառանգորդները:   Այս կեցուածքէն բուժուելու միակ դեղը՝ Աստուծոյ առջեւ ճշմարտութիւնը ըսելն է, մենք մեզ մեղադրելն է,  ճանչնալով մեր մեղքերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց նշելով «Քրիստոնեայ մը որ չգիտեր ինքզինք մեղադրել՝ Աստուծոյ առջեւ, բարի քրիստոնեայ չէ, ան միշտ ենթարկուած է կեղծաւորութեան վտանգին: » 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2019, 11:51
Կարդալ բոլորը >