Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին 30 սեպտեմբերի քարոզը «Տարեցներուն եւ մանուկներուն հոգ տանիլը յոյսի մշակոյթ է»:

Տարեցներն ու մանուկները հայրենիքի եւ եկեղեցւոյ յոյսն են:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը խօսքը կեդրոնացուց մարդուն նկատմամբ  Աստուծոյ ունեցած անհուն սիրոյն վրայ, հակառակ որ մարդը  դաւաճանեց ,լքեց եւ Աստուած մոռցաւ:  Աստուծոյ սէրը կրակ մըն է, որ մեզ աւելի մարդկային կը դարձնէ:  

Ունկնդրէ լուրը

Ներշնչուած Սուրբ գրային օրուան ընթերցումէն՝ քաղուած Զաքարիա մարգարէին գիրքէն, ուր մարգարէն կը խօսի մարդուն եւ Սիոնի  հանդէպ ունեցած Աստուծոյ  նախանձին մասին:«Շնորհիւ Աստուծոյ այս սիրոյն  երուսաղեմը պիտի վերադառնայ ապրելու ըսաւ

Նորին  Սրբութիւնը  ապա նկատել տուաւ, որ Սուրբ Գիրքին մէջ ակնյայտ են Աստուծոյ ներկայութեան նշանները՝ տարեցներու,  մանուկներու ընդմէջ, որոնք կեանքի արատութեան նշաններ են:

Ան դիտել տուաւ, որ կեանքի հանդէպ յարգանքի եւ սիրոյ նշանը՝ հասարակութիւններուն մէջ Աստուծոյ ներկայութեան նշան է,  նշան  նաեւ Աստուծոյ, որ կը հասունցնէ ժողովուրդը, երբ ներկայ են տարեցներն ու մանուկները:  

Այն ժամանակ երբ քաղաքակրթութեան  մը մէջ պակաս է յարաբերութեան եւ  փոխանակումի մշակոյթ,  հոն կը տիրէ մնացորդացի մշակոյթ,  ուր կ՝անտեսուին տարեցներն  ու մանուկները,  որովհետեւ  անոնք չեն արտադրեր եւ արգելք կը հանդիսանան բնականոն կեանք ապրելու:  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա մատնանշեց տարեցներն ու երիտասարդները Աստուծոյ եւ հայրենիքին յոյսն են:  Յոյսի մշակոյթը Աստուծոյ այսօրուան պատգամի սիրտն է  ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւեցնելով  «յոյսի մշակոյթ ներկայացուած տարեցներէ եւ մակուներէն, որոնք Հայրենիքի,  եկեղեցւոյ մը վերապրումի վստահութիւն է:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց յորդորելով քահանաները, երեկոյեան անկողին երթալէ առաջ,  խղճի քննութիւն կատարեն ըսելով այսօր ինչպէսի վերաբերմունք ունեցայ մանուկներու եւ տարեցներուն հետ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2019, 12:27
Կարդալ բոլորը >