Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Գաղջ հոգի ունենալը մեր կեանքը գերեզմանի կը վերածէ:»

Տիրոջմէ հայցենք կէս եւ գաղջ քրիստոնեաներ չըլլալու շնորհքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրեց, որ Տիրոջմէ հայցենք կէս եւ գաղջ քրիստոնեաներ չըլլալու շնորհքը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը այսօրուան քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Անգեայ մարգարէին գիրքէն, ուր Տէրը մարգարէին միջոցաւ ժողովուրդը կը քաջալերէ խոկալու իր ապրելակերպին մասին եւ փոխել զայն՝ Աստուծոյ տունը վերականգնելու համար: (Անգեայ 1-8)

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ տաճարը կործանուած էր թշնամիներու կողմէ, ամէն ինչ քար ու քանդ եղած էր սակայն՝ ժողովուրդը շատ ժամանակ կորսնցուց մինչեւ որ Տէրը իր ընտրեալը առաքեց՝ տաճարը վերակառուցելու համար:

Ժողովուրդը սիրտ չ՝ունէր եւ յուսահատ էր՝ աշխատանքի լծուելու համար: Այս ժողովուրդը սիրտ չ՝ունէր Տաճարը վերակառուցելու եւ ոչ իսկ թոյլ կու տային որ Տէրը օգնէ: Սա է ժողովուրդի մը ողբերգութիւնը ըսաւ սրբազան Հայրը ու աւելցուց, որ այսպէս կը պատահի նաեւ մեր հետ երբ՝ գաղջ կեանք կ՝ապրինք եւ ամէն բան վաղուան կը յետաձգենք:

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ,  որ այն ժամանակ երբ մենք եւս կ՝ապրինք այսպիսի գաղջ կեանք եւ կ՝ունենանք հոգեկան գաղջութիւն այն ժամանակ մեր կեանքը գերեզմանի կը վերածենք:
Ան  յորդորեց ըսելով երբ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ, որ մեր կեանքի ընթացքը փոխենք եւ դարձի գանք պէտք են զայն անմիջապէս կատարել առանց յետաձգելու :

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով, որ Տիրոջմէ հայցենք կէս եւ գաղջ քրիստոնեաներ չըլլալու շնորհքը: Թող Տէր մեզ օգնէ վերազարթնելու գաղջ հոգիէն:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2019, 12:13
Կարդալ բոլորը >