Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Եպիսկոպոսները թող նեցուկ կանգնին քահանաներուն:»

Նորին Սրբութիւնը շարունակեց խօսիլ քահանայութեան պարգեւին մասին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 20 սեպտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ֆրանչիսկոս Պապ շարունակեց խօսիլ քահանաներու եւ եպիսկոպոսներու մասին: 18 սեպտեմբերի քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ քահանայութեան պարգեւին մասին, մինչ՝ այսօր 20՝ սեպտեմբերին անդրադարձաւ եպիսկոպոսներուն պարտականութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած սուրբ Պօղոսի Տիմոթէոսի ուղղած թուղթէն, ուր առաքեալը Տիմոթէոսի կը յորդորէ որ չմոռնայ իր մայրն ու հայրը, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, որ եպիսկոպոսները պէտք են՝ աղօթքի միջոցաւ նեցուկ կանգին Աստուծոյ, քահանաներուն եւ ի վերջոյ Աստուծոյ ժողովուրդին:

Ան  ապա նշեց, թէ եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնը կը կայանայ աղօթելու մէջ աւելցնելով, թէ աղօթքն է որ ուժ կը ներշնչէ եւ կը վերականգնէ քահանայութեան պարգեւը, զոր պէտք չէ երբեք անտեսել:
Եպիսկոպոսներուն երկրորդ պարտականութիւն է, նեցուկ կանգնիլ քահանաներուն, սարկաւագներուն գործակիցներուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին մօտիկ գտնուին մերձաւորին: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցլնելով, եպիսկոպոսները պէտք չեն երբեք մոռնալ իրենց քահանաները, տխուր երեւոյթ նկատելով, երբ եպիսկոպոս մը կը մոռնայ իր քահանան: Ան ընդծեց որ քահանաները իրաւունք ունին գիտնալու եւ ճանչնալու որ ունին հայր մը:

Սրբազան Հայր յորդորեց նեաւ , որ ճահանաները իրենց կարգին պէտք են իրարու միջեւ մօտիկ գտնուին եւ պէտք չէ երբեք իրենց միջեւ բաժանումներ ստեղծուիլ որովհետեւ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սատանան է, որ բաժանումներ կը ստեղծէ :

Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը խնդրեց, որ աղօթենք քահանաներուն, ժողովրդապետներուն համար, որպէսզի քահանաները միշտ քահանայութեան պարգեւը պահպանեն, առանց անտեսելու:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2019, 13:26
Կարդալ բոլորը >