Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին 17 սեպտեմբերի քարոզը «Գթութիւնը է նաեւ Աստուծոյ լեզուն »:

Գթութիւնը մեզի ցոյց կու տայ իրականութիւնը այնպէս ինչպէս որ է :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 17 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ որուն ընթացքին ներկայացուցած քարոզին նիւթը եղաւ, օրուան Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած Նայինի Երիտասարդին յարութեան դէպքը:

«Յիսուս Նային քաղաքը գնաց: Աշակերտները եւ մեծ բազմութիւն մը իրեն կ՝ընկերանային: Երբ քաղաքի դրան մօտեցաւ, դուրս կը տանէին մեռել մը, այրի կնոջ մը մէկ հատիկ զաւակը եւ քաղաքէն բազմաթիւ մարդիկ անոր հետ ելած էին: Տէրը տեսաւ մայրը, գթաց վրան եւ ըսաւ. «մի լար:» Մօտեցաւ եւ դպաւ դագաղին: «Պատանի, ըսաւ Յիսուս, քեզի կ՝ըսեմ արթնցիր:» Մեռելը նստաւ եւ սկսաւ խօսիլ: »(Ղուկաս 7, 11)

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսոս Պապ քարոզին մէջ ըսաւ. « Յիսուս գթութեան զոհը եղաւ: Գթութիւնը մեզի իրականութիւնը ցոյց կու տայ այնպէս ինչպէս որ է : Գթութիւնը Աստուծոյ լեզուն է :Աստուած Ինքն է որ Մովսէսին ըսաւ« Իմ ժողովուրդիս ցաւը տեսայ: Գթութիւնը Աստուծոյ տկարութիւնն է ինչպէս նաեւ ուժը: Շարունակելով խօսիլ խօսիլ կարեկցութեան մասին Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ կարեկցութիւնը ցաւի եւ խղճանքի զգացողութիւն չէ. օրինակի համար երբ ճամբան մեռած կենդանիի մը ականատես կ՝ըլլանք, կը ցաւինք կամ կը խղճանք անոր վրայ: Կարեկցութիւնը կը նշանակէ ներգրաւուիլ ուրիշներուն հարցերուն մէջ:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Աւետարանէն այլ օրինակ մը թուեց , հացերու բազմապատկումի հրաշքը ըսելով որ Յիսուսի գութը շարժեցաւ եւ հրամայեց աշակերտներուն որ կերակուր բաժնեն ամբոխին: «Յիսուսի գութը շարժեցաւ որովհետեւ ժողովուրդը կը նմանէր հովիւէ զուրկ ոչխարներու : «Աստուծոյ լեզուն կարեկցութեան լեզու է եւ շատ անգամ մարդկային լեզուն անտարբերութեան լեզու է : ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով ,որ քանի անգամ մեր հայեացքը այլուր սեւեռելով, մենք մեր մէջ փակուելով կարեկցութեան դուռը կը փակենք:

Ան ապա եզրափակելով քարոզը ըսաւ «Յիսուս երիտասարդի մօրը ըսաւ մի լար: Սա Կարեկցութեան շոյանք մըն է: Յիսուս դագաղին կը դպնայ ըսելով արթնցիր: Երիտասարդը կ՝արթննայ եւ կը սկսի խօսիլ: Յիսուս, երիտասարդը իր մօրը վերադարձուց:
Վերադարձնելը արդարութեան արարքն մըն է: Վերադարձնել բառը արդարութեան մէջ շատ գործածուած բառ ըմնէ: Այնուհետեւ Կարեկցութիւնը մեզ կ՝առաջնորդէ արդարութեան իսկական ուղիին վրայ : Կարեկցութիւնը մեզ կ՝ազատէ անտարբերութենէն , կ՝ազատէ ներփակուած վիճակէն:

Թող Տէրը իւրաքանչիւրիս վրայ գթայ, որուն շատ կարիքը ունինք: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2019, 12:28
Կարդալ բոլորը >