Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ «աղօթել կառավարիչներուն համար»:

Սուրբ Պօղոս, Աստուծոյ ժողովուրդը կը յորդորէ, որ առանց սրտնեղութեան բոլորին համար աղօթեն, ներառեալ թագաւորներուն եւ իշխանութիւն ունեցող բոլոր անձերուն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ամառուան արձակուրդներուն փոքր դադարէ ետք սկիզբ առին ֆրանչիսկոս Պապին Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնները:

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղուած թուղթէն,  հրաւիրեց աղօթել կառավարիչներուն եւ քաղաքագէտներուն համար, որպէսզի անոնք կարենան արժանավայել կերպով յառաջ տանին իրենց կոչումը:  

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ Սուրբ Պօղոս, Աստուծոյ ժողովուրդը կը յորդորէ,  որ առանց սրտնեղութեան բոլորին համար աղօթեն,  ներառեալ թագաւորներուն  եւ իշխանութիւն ունեցող բոլոր անձերուն համար, որպէսզին անոնք հանդարտ եւ խաղաղ  կեանք մը վարեն՝ նուիրուած Աստուծոյ:  

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց աղօթել  նաեւ մեզմէ տարբեր կարծիք ունեցող անձերուն համար: Աղօթել տարբեր կուսակցութիւններու պատկան պատգամաւորներուն համար, որպէսզի անոնք կարենան համաձայնութեամբ յառաջ տանին երկրի մը պատասխանատուութիւնները:   

«Պէտք է դարձի գալ եւ աղօթել որեւէ «գոյն» ունեցող քաղաքագէտներու եւ կառավարիչներուն համար, այս է որ Սուրբ Պօղոս մեզմէ կը խնդրէ» ըսաւ Սրբազան Հայրը: Ան ապա մտաբերելով Աւետարանի հարիւրապետը,  որ աղօթեց իր ծառային համար յորդորեց որ կառավարիչները  նաեւ իրենց կարգին  աղօթեն իրենց ժողովուրդներուն համար, դիտել տալով որ կառավարիչները՝ երկրի մը կեանքին պատասխանատուներն են:  Կառավարիչները  պէտք են իրեցն ժողովուդներուն համար աղօթեն,  նման Աւետարանին հարիւրապետին որ աղօթեց իր ծառային համար: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2019, 13:57
Կարդալ բոլորը >