Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը : «Քահանայութիւնը պարգեւ մըն է եւ ոչ թէ աշխատանքի պայմանագիր:»

Դրբ քահանայ մը կը մոռնայ քահանայութեան պարգեւը կը դառանայ պարզ պաշտօնեայ մը եւ կը կորսնցնէ Յիսուսի հայեացքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 19 սեպտեմբերին, Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթա Մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատուցեց Սուրբ Պատարագ, ներկայութեամբ կարգ մը եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու, ի մէջ այլոց իրենց քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը նշող քահանաներ ու Անքոնա Թեմի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը,  որ կը տօնախմբէ  իր ծննդեան 80 ամեակը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ՝ քաղուած Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղուած գիրքէն,  ուր առաքեալը իր երիտասարդ աշակերտին խրատ կու տայ, որ չանտեսէ քահանայութեան պարգեւը:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց , որ քահանայութիւնը աշխատանքի պայմնագիր չէ:   Աշխատանքը  երկրորդական է,  նախ պէտք է ստանալ  պարգեւը եւ զայն լաւ պահպանել, այն պարգեւը   որմէ ամէն բան կը բխի:   ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ  երբ քահանայ մը կը մոռնայ  քահանայութեան պարգեւը,  Ան կը դառանայ պարզ պաշտօնեայ  մը եւ  կը կորսնցնէ  Յիսուսի  հայեացքը՝ սեւեռած  «ինծի հետեւիր» ըսելու ժամանակ:

Քահանայ մը երբ կը դադրի իր  քահանայութիւնը իբրեւ պարգեւ մտածելէ, այն ժամանակ կը յառաջանան քէշ եւ ահաւոր բաներ, որոնք  պատճառ կը դառնան քահանայութիւնը իր անձին վրայ կեդրոնացնելու եւ  ոչ թէ Անոր վրայ զոր պարգեւեց քահանայութեան նուէրը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց քահանայութիւնը իբրեւ պարգեւ խոկալու հրամայականը եւ ոչ թէ իբրեւ պաշտօն: Ան յորդորեց գործել  խոհեմութեամբ եւ խելացիութեամբ սակայն միշտ պահպանելով այդ պարգեւը:

Ան եզրափակեց իր քարոզը հայցելով Տիրոջմէ,  որ օգնէ ՝ պահպանելու համար քահանայութեան պարգեւը եւ քահանայայութեան նայիլ նախ իբր պարգեւ ապա իբրեւ ծառայութիւն որպէսզի քահանաները չի վերածուին գործատէր հոգեւորականներու:

Քարոզի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին յատուկէն անոնց որոնք կը նշեն իրենց քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 13:13
Կարդալ բոլորը >