Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Յիսուսին խաղաղութիւնը նման է ծովուն խորքի անդորրութեան» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քրիստոսէն եկած ու մեր սրտին մէջ զետեղուած խաղաղութեամբ է որ կարող ենք դիմագրաւել նոյնիսկ ամենադժուար հարցերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 21 Մայիս 2019-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Յիսուսին առաքեալներուն խոստացած խաղաղութեան պարգեւին վրայ։ Ան նախ քան անոնցմէ հրաժեշտ առնելը՝ անոնց խոստացաւ խաղաղութիւն մը որ այս աշխարհէն չէ, այլ Սուրբ Հոգիէն է, եւ որ մեզի քաջութիւն կը շնորհէ յառաջ ընթանալու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Ի՞նչպէս կարելի է հաշտեցնել Սուրբ Պօղոսին կրած դժուարութիւններն ու հալածանքները Յիսուսին աշակերտներուն խստացած խաղաղութեան հետ «Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» հարց տուաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու որպէս պատասխան առաջարկեց. «Երանի ձեզի երբ ձեզ հալածեն ու կը նախատեն իմ անունովս»։

Յիսուսին խաղաղութիւնը արդարեւ պարգեւ մըն է, նման ծովուն որուն խորքը անդորր է, հանդարտ է, մինչ մակերեսին վրայ ալիքներ կան։«Յիսուսին հետ խաղաղութեամբ ապրիլ կը նշանակէ ապրիլ այդ ծովուն խորքի անդորրութեան փորձառութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով բազմաթիւ այն սուրբերու վարկին, որոնք անվախ ընդառաջեցին դէպի մահը, դէպի մարտիրոսութիւնը, իրենց սրտին մէջ ունենալով Քրիստոսի խաղաղութիւնը,  զոր Սուրբ Հոգին կը զետեղէ մեր սրտերուն մէջ ու մեզի քաջութիւն կը շնորհէ դիմագրաւելու դժուարութիւնները։

Յիսուսին խաղաղութիւնը մեզի կը սորվեցնէ տոկալ, մեր վրայ առնել ցաւերն ու դիմանալ անոնց. Դիմանալ բառը արդարեւ քրիստոնեայ բառ մըն է։ Կը նշանակէ մեր ուսերուն վրայ առնել, կեանքը, դժուարութիւնները, առօրեայի բեռը, աշխատանքը, ու այս ամէնը ընել առանց կորսնցնելու խաղաղութիւնը։

Ոչ թէ աշխարհէն  կամ դրամատան մէջ դիզած մեր դրամէն, այլ Քրիստոսէն եկած ու ու  մեր սրտին մէջ զետեղուած խաղաղութեամբ է որ  կարող ենք դիմագրաւել նոյնիսկ ամենադժուար հարցերը ու յառաջ ընթանալ սրտի հրճուանքով եւ ժպիտով։

Խաղաղութեան մէջ ապրող անձը չի կորսնցներ զուարթամտութիւնը. Ան գիտէ զուարճանքով դիտել կեանքը։ Թող որ Տէրը մեզի պարգեւէ այդ խաղաղութիւնը որ կու գայ Սուրբ Հոգիէն, խաղաղութիւնը որ Տիրոջն է եւ որ մեզ կ՛օգնէ դիմադրելու, դիմանալու, ու մեր վրայ առնելու կեանքի բազմաթիւ դժուարութիւնները – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2019, 10:27
Կարդալ բոլորը >