Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Սուրբ Պօղոս առաքեալին յատկութիւններուն մասին :

Սուրբ Պօղոսի դարձը, Փրկութեան պատմութեան մէջ էջի փոփոխութիւն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 10 մայիսին, առաւօտեան,Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ անդրադարձաւ սուրբ Պօղոս առաքեալին դարձի գալուն, որուն մասին կը խօսուի օրուան սուրբ գրային ընթերցումին մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ որ Սուրբ Պօղոսի դարձը, Փրկութեան պատմութեան մէջ էջի փոփոխութիւն է: Փրկութեան դուռը կը բացուի ոչ միայն Իսրայելցիներուն առջեւ  այլ հեթանոսներուն,  ժողովուրդներուն առջեւ : Մէկ խօսքով եկեղեցւոյ Տիեզերականանութեան դուռի բացում:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՝անդրադառնայ Սուրբ Պօղոսի   յատկութիւններուն: Սուրբ Պօղոս զօրաւոր մարդ մըն էր՝ սիրահար Աստուծոյ օրէնքին: Սուրբ Պօղոս նոյնիսկ եթէ դժուար նկարագիր ունէր, սակայն հետեւողական էր: Հետեւողական, որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ բաց մարդ մըն էր: Ան քրիստոնեաները կը հալածէր, որովհետեւ համոզուած էր որ անիկա Աստուծոյ կամքն էր : Սուրբ Պօղոս, Տիրոջ ձայնին դիմաց բաց սիրտ ունէր:

Սուրբ Պօղոսի այլ յատկութիւններէն մին էր հնազանդութիւնը: Ան հնագազանդ մարդ մըն էր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, դիտել տալով որ Սուրբ Պօղոս թերեւս յամառ նկարագիր ունէր, սակայն ոչ հոգիին մէջ: Սուրբ Պօղոս , Աստուծոյ առաջարկներուն դիմաց բաց ու պատրաստակամ էր: Ան հազիւ Տիրոջ ձայնը լսեց մանուկ դարձաւ՝  լռութեան մէջ ձգելով իր բոլոր համոզումները:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, պատրաստակամ եւ հեզ ըլլալ Աստուծոյ ձայնին դիմաց: Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս յորդորեց նոր ուղիներ որոնել,  պայմանաւ որ անոնք Տիրոջ ուղիները ըլլան : Յորդորեց յառաջ ընթանալ՝ հեզութեամբ եւ սրտբաց գտնուիլ տիրոջ ձայնին դիտել տալով, որ այս ձեւով, եկեղեցւոյ մէջ իսկական փոփոխութիւնները կը կատարուին:

Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց հայցելով Սուրբ Պօղոսի բարեխօսութիւնը, ունենալու համար Տիրոջ ձայնին՝ հլու գտնուելու եւ բաց սիրտ ունենալու շնորհքը: Մեծ բաներ կատարելէ չվախնալու շնորհքը :

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2019, 13:26
Կարդալ բոլորը >