Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 մայիսի քարոզը. Սուրբ Հոգիին պարգեւը:

Սուրբ Հոգին է, որ մեզ կարող կը դարձնէ խաչերը կրելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 28 մայիսին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա Մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ խօսեցաւ Քրիստոնէական կեանքէն ներս, Սուրբ Հոգիին դերակատարութեան մասին:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով, որ տրտմութիւնը քրիստոնէական կեցուածք մը չէ ընդգծեց,  թէ կեանքին մէջ յառաջ ընթանալու համար, պէտք է միշտ Սուրբ Հոգիին հետ երկխօսութեան մէջ մնալ. «Ան որ միշտ մեզ կ՝ընկերանայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը Խօսուի Յիսուսի՝ իր առաքեալներէն հրաժեշտ առնելու մասին, նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ Յիսուս աւետարանին այդ հատուածի մէջ,  Սուրբ Հոգգիին մասին Քրիստոնէական ուսուցում կը կատարէ:

«Առաքեալները տրտմած էին, որովհետեւ Յիսուս մինակ պիտի թողուր զանոնք: Յիսուս հանդիմանեց առաքեալները , որովհետեւ տխրութիւնը քրիստոնէական կեցուածք չէ»: ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով, « տխրութեան դէմ , աղօթքի մէջ , Տիրոջմէ խնդրեցինք որ մեր մէջ պահէ Սուրբ Հոգիին վերանորոգումի երիտասարդութիւնը: Սուրբ Հոգին է, որ մեր մէջ կը պահէ այդ վերանորոգումի երիտասարդութիւնը: Սուրբ Հոգին է, որ մեզ կարող կը դարձնէ խաչերը կրելու:  Ան մեր կեանքիմ մէջ միշտ մեզի կ՝ընկերանայ ու զօրակցի հաստատեց Սրբազան Հայրը: Ան ապա դիտել տալով, որ կեանքի միշտ լեցուն է ցաւերով, օրինակ թուեց Սուրբ Պօղոսը, որ հակառակ իր  տառապանքներուն միշտ ուրախ էր ու կ՝երգէր:     

«Սա է երիտասարդութիւնը: Երիտասարդութիւն մը, որ միշտ սեւեռել կու տայ յոյսին՝ յառաջ երթալու համար: Այսպիսի երիտասարդութիւն ունենալու համար պէտք է Սուրբ Հոգիին հետ ամէն օր հաղորդութեան մէջ մնալ  Ան,  որ միշտ մեր կողքին է»  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով որ Սուրբ Հոգին, Յիսուսի մեզի թողած պարգեւն է»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2019, 12:27
Կարդալ բոլորը >