Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 4 ապրիլի քարոզը: Մեր բոլոր ուժով աղօթենք:

«Սուրբ Գիրքին մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ, բարեխօսութեան աղօթքի մասին:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 4 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ: Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխանցմամբ, սուրբ Պատարագի ներկայ գտնուած է նաեւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելան, առանձնական հանգամանքով:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի Յարութեան տօնին լաւ պատրաստուելու համար, քառասնորդաց շրջանին, ծոմէն , եղբայրասիրական արաքներէն զատ , աղօթքի կարեւորութեան վրայ, ընդգծելով որ պէտք ենք մեր բոլոր ուժով ու քաջութեամբ գիտնալ աղօթել:
Ան ապա խօսեցաւ բարեխօսութեան աղօթքի մասին, օրինակ թուելով Սուրբ գիրքէն կարգ մը դրուագներ, օրինակ բերաւ Մովսէս հայրապետէն, որ իր բոլոր ուժով Աստուծոյ Բարեխօսութիւն հայցեց Իսրայէլի ժողովուրդին համար :
«Սուրբ Գիրքին մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ, բարեխօսութեան աղօթքի վերաբերեալ: Պէտք ենք քաջութիւնը ունենալ անոնց պէս աղօթելու:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս ապա աւելցնելով որ Աղօթքի ժամանակ պէտք չէ գաղջ ըլլալ: Իսկ երբ մէկը մեզմէ կը խնդրէ որ աղօթենք իրեն համար պէտք չէ պաղպաղակի նման Հայր մեր եւ ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը արտասանել, այլ պէտք է մեր բոլոր ուժով՝ վստահութեամբ Յիսուսին դիմենք, որ երկինքի մէջ Աստուծոյ դիմաց մեր բարեխօսութիւն կը հայցէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը հայցելով, որ Տէրը մեզի շնորհէ բարեխօսել գիտնալ սորվելու շնորհքը: Ան յորդորեց , երբ մէկու մը համար կ՝ աղօթենք  պէտք է  լրջութեամբ կատարենք ՝ Յիսուսի ներկայութեամբ, այն գիտակութեամբ, որ Յիսուս բոլորիս համար , Աստուծոյ բարեխօսութիւնը կը հայցէ :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2019, 13:13
Կարդալ բոլորը >